Անդրէաս Ակոլութ (16 Մարտ 1654 կամ 1654, Պերուտուվ, Oleśnica County, Լեհաստան — 4 Նոյեմբեր 1704, Վրոցլավ, Պոհեմիայի թագաւորութիւն, Չեխական թագի հողեր), Գերմանիոյ մէջ գերման արեւելագէտ եւ հայագէտ։ Սկիզբ դրած՝ հայագիտութեան-հայկաբանութեան, Եւրոպայի մէջ։
Ծնած է Պերնշթատթ (գերմաներէն՝ Bernstadt) քաղաքին մէջ 6 Մարտ, 1654 թուականին։ Տակաւին 6 տարեկան կը սկսիլ սորվիլ եբրայերէն եւ կ’աշակերտէ՝ նշանաւոր արեւելագէտ, Աւգոստոս Ֆայֆերին։ Ակոլութը ժամանակի ընթացքին կը հմտանայ հայ եւ հին եգիպտական լեզուներուն։ Առ հասարակ կը փորձէ ապացուցանել, որ հայ լեզուն եգիպտական ծագում ունի, սակայն այդ կարծիքը կը մնայ անընդունելի։ Հայոց լեզուի վերաբերեալ իր աշխատութիւնը տպելու համար մեծ ծախսով հայերէն նշանագրեր ձուլել կու տայ։
Իր գրական վաստակէն կարելի է յիշել De aquis zelotypiae amaris 1682–ին եւ «Քառալեզու Կուրանք» (Specimen alcorani quadrilinguis) տպուած 1701–ին։ Իսկ իր «Արդի Հայերէն»ի գիրքին մէջ (1675) կը խօսի հայ լեզուի ուսման մասին, մէջբերելով Աբդիու մարգարէութեան հայերէն թարգմանութիւնը, իր կատարած լատին թարգմանութեան հետ։ Բացի այս կու տայ տեղեկութիւններ հայոց լեզուի քերականութեան վերաբերեալ։
Մահկանացուն կնքած է 4 Նոյեմբեր, 1704–ին։