Մինչ լիբանանեան դրամանիշը ամէն օր աւելի եւս կ՛արժեզրկուի, բողոքարարներ կը շարունակեն ճամբաներու փակում ձեռնարկել առ ի բողոք:
Այս ընթացքով, Լիբանան աւելի եւս կը խռի ճահիճի մէջ ու երկրին ապահովութիւնը կը դառնայ հարցական:
Խանութներ ինքնակամ կը փակեն իրենց դռները, որովհետեւ իրենց դրամագլուխը կրնայ հալիլ այսօր վաճառելով ապրանք մը, որ վաղը աւելի սուղի պիտի գնեն: