Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 21 Մարտ 2021-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ, մեր հաւատքի հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով պիտի կատարուի ջրօրհնէք։
Կարեւորութեամբ կ՚ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.-
Ա) Թագաժահրին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով եւ հաւատացեալներուն առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած պատասխանատուութենէն մեկնելով, Լուսաւորիչ Հայրապետին Ս. Աջով թափօր պիտի չկազմուի։
Բ) Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Ս. Աջը պիտի տեղադրուի Ս. Խորանին բեմին վրայ եւ հոն պիտի մնայ մինչեւ իրիկուան ժամը 7։00։ Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարողանան ստանալ Ս. Աջին օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ օրհնուած ջուրը։
Գ) Յիշեալ եկեղեցական արարողութիւնը ուղիղ պիտի սփռուի Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ի Facebook-ի եւ Youtube-ի պաշտօնական էջերէն։
Կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները այս պատասխանատուութեամբ մասնակից դառնան եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան՝ յարգելով թագաժահրէն ապահով մնալու նախապայմանները։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ