ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Փիղերը՝ Անգո՞րծ . . .
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ասիոյ հարաւային արեւելեան երկիրներէն՝ Թայլէնտէն։ Թայլէնտ թագաւորական երկիր մըն է՝ մօտաւորապէս 70 միլիոն բնակչութեամբ։ Իսկ հոն կ՛ապրին նաեւ երեքէն-չորս հազար փիղեր՝ որոնց գրեթէ կէսը ընտելացուած ըլլալով կը ծառայեն զբօսաշրջիկները զուարճացնելու համար։
Գաղափար մը տալու համար կ՛արժէ յիշել որ զբօսաշրջիկներէ գոյացած եկամուտը՝ 2019 թուականին, եղած է 40 միլիոն տոլար, իսկ 2020 թուականին՝ միայն 6.7 միլիոն տոլար։ Անշուշտ կռահեցիք պատճառը այդ եկամուտի անկումին, որն է պսակաձեւ ժահրի համաճարակը եւ անոր հետեւանքով զբօսաշրջիկներու հոսանքին նուազումը։
Ուրեմն գաղտնիք մը չէ փիղերու անգործութիւնը . . . Հետաքրքրական է գիտնալ որ փիղ մը առօրեայ կ՛սպառէ 149-169 քիլօկրամ ուտելիք (330-375 lb.), որուն ծախսն է 34 տոլար։ Հիմա դուք հաշուեցէք թէ զբօսաշրջիկները զուարճացնելու համար օգտագործուող 1,500-2,000 փիղերուն օրական ուտելիքի ծախսը ո՞րքան է։
Եւ եթէ զբօսաշրջիկները չգան, այդ ծախսը յաւելեալ բեռ մըն է փիղերը օգտագործող ընկերութեանց վրայ եւ հետեւաբար ալ պետութեան վրայ, որուն տուրքերէ գոյացած եկամուտը՝ այդ ընկերութիւններէն, պիտի զգալի կերպով նուազի։
Չմոռնանք նաեւ որ փիղերու անգործութեան հետեւանքով, զանոնք աշխատցնող գործաւորներն ալ պիտի անգործութեան դատապարտուին եւ անոնց ընտանիքներուն ապրուստը պիտի բեռցուի պետութեան վրայ, նիւթական օգնութեան գծով։
Կցուած՝ դուք պիտի տեսնէք երկու նկար։ Առաջինին մէջ՝ փիղը զբօսաշրջիկները կը զուարճացնէ իր մարզիչին գլխարկը գլխէն հանելով, իսկ երկրորդին մէջ՝ երկու փիղեր զբօսաշրջիկները կը զուարճացնեն, ոտնագնդակ խաղալով։ Սա՝ եթէ մօտէն դիտէք, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ ոտնագնդակի մրցում երկու փիղերու միջեւ, չէ՞ք խորհիր!
Մեռելներու հետ՝ Խօսի՞լ . . .
Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ Ճափոնէն։
2011-ի ծովային փոթորիկը (tsunami) որ ցամաք հասաւ եւ մեծ աղէտ դառնալով պատճառ դարձաւ 16,000 մարդկային կորուստի, Խաղաղական ովկիանոսի ափի Otsuchi քաղաքին մէջ։ Այդ քաղաքի բնակչութեան մէկ տասներորդը ոչնչացաւ, իսկ վերապրողներն ալ տակաւին կը սգան իրենց սիրելիներուն անժամանակ մահը։
Մարդիկ տարբեր ձեւերով կը յիշատակեն իրենց սիրելիներուն մահը։ Մենք՝ հայերս, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարել կու տանք հանգուցեալի մահուան քառասունքին եւ ապա տարելիցին առիթներով։
Ամերիկայի Լուիզիանա նահանգի Նիւ Օրլիընզ քաղաքի բնակչութիւնը մեռնողի դագաղը կ՛առաջնորդեն՝ դէպի գերեզմանատուն, փողերախումբի մասնակցութեամբ։ Իսկ գրեթէ բովանդակ ամերիկայի ժողովուրդը մահը սգալու տեղ՝ մեռնողի կեանքը կ՛ուզեն արժանավայել կերպով ոգեկոչել (celebration of life), մտածելով թէ սուգը անիմաստ է եւ ոչինչի կը ծառայէ . . . Թերեւս, ճիշդ են անոնք, չէ՞ք խորհիր!
Վերադառնալով Ճափոնի մարդկային կորուստին, վերապրողներէն Itaru Sasaki անունով մարդ մը իր պարտէզին մէջ կառուցած է հեռախօսային խցիկ (տես նկարը) մը, որպէսզի հոն գտնուող հեռախօսին միջոցաւ՝ կարենայ իր մահացած սիրելիներուն հետ «յարաբերութեան» մէջ մտնել! Անշուշտ՝ հեռախօսը անջատուած է եւ ան պարզ խորհրդանիշ մըն է, յիշատակելու իր սիրելիները։
Վերոյիշեալ մեր մարդուկը հետեւեալ ձեւով արդարացուցած է իր արարքը։ «Քանի որ իմ խորհրդածութիւններս չեն կրնար փոխանցուիլ բնական ձեւով, ես ուզեցի որ անոնք փոխադրուին՝ հովին միջոցաւ։» Հետեւաբար անջատուած այդ հեռախօսը կոչուած է “wind phone.”
Հետաքրքրական է գիտնալ որ վերոյիշեալ այդ ծովային փոթորիկի թուականէն երեք տարի անց՝ արդեն 10,000 այցելուներ գացած են հեռախօսային այդ խցիկը եւ «հաղորդակցութեան» մէջ մտած են իրենցմէ առ յաւէտ բաժնուած սիրելիներուն հետ։
To each՝ his own, պիտի ըսէր ամերիկեան ասացուածքը։ Այսինքն, ամէն մարդ իր նախընտրած ձեւով կը յիշատակէ՝ այս պարագային, իր սիրելիներուն կորուստը։
Առ ի գիտութիւն յիշեմ որ ծովային այդ փոթորիկի տասնամեակին առիթով, վաւերագրական ժապաւէն մըն ալ պիտի պատրաստուի՝ հեռատեսիլով սփռուելու համար։