Լեռնային Ղարաբաղը իւրատեսակ շատ բարդ գործողութիւն է: Այս մասին ըսած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն ղազախական Tengrinews գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ժամանակ:
Խօսելով Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու մասին՝ ան նշած է, որ «մեր մօտ կ’ընթանան շատ դժուար, շատ բարդ, բայց շատ կառուցողական աշխատանք»: «Համատեղ աշխատանք: Այն պատճառով է բարդ, որ կը խանգարեն, կը խանգարէ այն, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է… Բայց մենք կը գտնենք լուծման տարբերակներ: Օրինակ՝ Իտլիպի ապաթէժացման գօտին: Ընդհանրապէս ժամանակին Սուրիոյ մէջ ապաթէժացման գօտիներու ստեղծումը, մեր կարծիքով, այդ կարգի հակամարտութիւններու կարգաւորման նոր էջ է եւ նոր մեքենականութիւն… Վերջին աշխատանքը, անկասկած, Լեռնային Ղարաբաղն է: Այն իւրատեսակ շատ բարդ գործողութիւն է: Ես այդպէս կ’ուզէի այն անուանել, ոչ այլ կերպ: Որովհետեւ անոր մէջ ընդգրկուած էին ահռելի թիւով փաստարկներ, տարրեր: Քանի որ թշնամացած են երկու եղբայրական ժողովուրդներ, մեզի մտերիմ երկու հարեւաններ, անոնք, որոնց հետ ապրեր ենք, եւ ըսեմ, որ հետագային ալ պիտի ապրինք խաղաղութեամբ, համաձայնութեամբ եւ բարեկամութեամբ…
Միւս կողմէն՝ անոր Թուրքիոյ միանալու հանգամանքը, ուստի անհրաժեշտ էր խօսիլ եւ զբաղիլ նաեւ թուրք գործընկերներու հետ: Մեր նախագահը, հաւատացէք, տիտանական ջանքեր ներդրած է, որ այս ամէնը տեղի ունենայ: Ընդ որում՝ ստիպուած էր համոզել բոլորը: Այսինքն՝ չկար մէկը, որ կ’ըսէր. «Ես համաձայն եմ, միայն անոնց համոզեցէք»: Ո՛չ, ստիպուած էինք համոզել, անկասկած, բոլորին: Նաեւ մենք՝ գործընկերներու կամ պաշտպանութեան նախարարներու մեր մակարդակով, մենք խօսեր ենք նաեւ մեր թուրք գործընկերներուն հետ: Այն, ինչ այսօր եղած է, առաջին՝ մարդիկ դադրած են իրար սպաննելէ: Երկրորդ՝ յոյս ունիմ, որ հիմա ժամանակն է, որ անոնք արդէն անցնին երկկողմ շփումներու եւ իրար հետ խօսին, սկսին խօսիլ: Ես նկատի ունիմ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը:
Եւ այստեղ, ի հարկէ, շատ բան կախուած է Թուրքիոյ հետ Ռուսաստանի յարաբերութիւններէն: Նաեւ նոր խաղացողներ կը յայտնուին, հին հարեւաններն կը յայտնուին, բայց անոնք կը յայտնուին իրենց առաջարկներով: Ես նկատի ունիմ Իրանը: Այն ենթակառուցուածքներու զարգացումն է, այն նաեւ երկաթուղին է, ջրաելեկտրակայաններն են եւ փոխադրային հաղորդակցութիւնը: Հարցերը շատ են»,-ըսած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարը: