Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի 14-րդ հրատարակութիւնը նուիրուած է Մարտ 2018-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած եռօրեայ համահայկական համագումարին։
Հատորին խմբագիրն է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։ Ժողովածուն հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի գիտական խորհուրդը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած Սրբատառ Կոնդակին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն նախագահներուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Կաթողիկէ Պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Միութեան նախագահին ողջոյնի խօսքերու կողքին, ժողովածուն կ՚ընդգրկէ համագումարի 33 զեկուցաբերներուն գիտական եւ պատմական վերլուծութիւնները՝ նորանկախ Հայաստանի զանազան բնագաւառներուն առնչուած, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցը մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական հոլովոյթին մէջ։ Հատորը նաեւ կ՚ընդգրկէ Արամ Մանուկեանի տիպարը, Վանի հայկական իշխանութիւնը, անկախական շարժումը եւ անկախութեան գաղափարի արծարծումը խորհրդային Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական հարցը արտաքին քաղաքականութեան առնչուած նիւթեր։
Հատորը կը բաղկանայ 575 էջերէ եւ կը ներառէ համագումարէն խումբ մը նկարներ։
Յիշեցնենք, որ գիրքը կրնաք ձեռք ձգել Կաթողիկոսարանի գրախանութէն եւ կամ այցելելով գրատան կայքը՝ www.ciliciabookstore.com։
Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի «Չորս Տարի Մահիկին Տակ»
Արաբերէն լեզուով Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի (Rafael de Nogales Méndez) «Չորս Տարի Մահիկին Տակ» (أربع سنوات تحت الهلال) գիրքը լոյս կը տեսնէ «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի հրատարակութեամբ (թիւ 15)։ Գիրքին թարգմանութիւնը ռուսերէնէ կատարուած է սուրիացի անյայտ թարգմանիչի մը կողմէ, իսկ թարգմանութիւնը վերատեսութեան ենթարկած է հալէպահայ ազգայիններէն Դոկտ. Հուրի Ազէզեանը։
Համաշխարհային առաջին պատերազմին Օսմանեան բանակին մէջ կամաւորաբար ծառայած վենեզուելլացի սպայ Մենտեզ ականատես եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայութիւնը իր պապենական հողերէն արմատախիլ ընելու «Իթթիհատ Վէ Թերաքքի» կուսակցութեան ծրագիրին գործադրութեան։ Ան Վան, Տիգրանակերտ եւ ապա Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու իրավիճակին ականատեսը եղած է բնաջնջման արարքին ու բռնագաղթին։ Ամէնուրեք հարց տալով կառավարիչներուն՝ ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն մասին, ստացած է նոյն պատաանը, թէ այս բոլորը ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշային հրամանն էր։
Շուրջ 530 էջերու մէջ 31 գլուխներէ բաղկացած այս գիրքը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի յուշագրութիւնը, որուն բնագիրը սպաներէն է։
Յիշեցնենք, որ գիրքը կրնաք ձեռք ձգել Կաթողիկոսարանի գրախանութէն եւ կամ այցելելով գրատան կայքը՝ www.ciliciabookstore.com։