Կը նախատեսուի, որ այսօր հանդիպում մը տեղի ունենայ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ: Կողմերը պիտի ունենան ճակատագրական խօսակցութիւններ: Հակառակ հանդիպման լուրին սակայն, մեծ յոյսեր չկան կառավարութեան կազմութեան եթէ անակնկալներ չպատահին:
Մինչեւ այս պահը կողմերը կառչած կը մնան իրենց կարծիքներուն, ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմին ձեւին: