Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը աշխուժ կերպով ներգրաւուած ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական բոլոր զարգացումներուն մէջ, կ՛ողջունէ ճգնաժամի հանգուցալուծման ի խնդիր 2021 թուականի Յունիսի 20-ին ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու տրամադրութիւնը:
Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացման շուրջ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայիս քաղաքական խորհրդակցութիւններ կը կատարէ ինչպէս խորհրդարանական, նաեւ՝ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ: Այս շրջագիծէն ներս մարտի 23–ին հանդիպում մը կայացած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած «Հայ Ազգային Քոնկրէս» կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ: