Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Օտար Բարքեր

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք«ի Երէց Աշխատակից

Աշխարհի Լաւագոյն Ուսուցիչը . . .

Գաղտնիք մը չէ որ ուսուցիչները՝ ուր որ ալ ըլլան անոնք, լաւ չեն վճարուիր։ Անոնց ստացած ամսական թոշակը չի բաղդատուիր արհեստավարժի մը եւ կամ արհեստաւորի մը ստացած ամսական գումարին։

Ինչո՞ւ, նախ որովհետեւ դպրոցը շահաբեր հաստատութիւն մը չէ, իսկ երկրորդ՝ որովհետեւ երկրաչափի մը եւ կամ ոսկերիչի մը նման, անոր գործին արդիւնքը անմիջապէս ի յայտ չի գար եւ մարդիկ գէշ աչքով կը դիտեն ուսուցիչն ու անոր տարած տքնաջան աշխատանքը։

Բարեբախտաբար սակայն կան բարեսիրական հաստատութիւններ որոնք կը գնահատեն ուսուցչական ասպարէզը եւ տարին մէյ մը նիւթական հատուցումով եւ կոչումով կը վարձատրեն լաւագոյն ուսուցիչը։

Այդ հաստատութիւններէն մին է Մեծն Բրիտանիոյ Varkey Foundation-ը, որ կը ձգտի բարելաւել ուսում ստանալու պայմանները՝ անտեսուած երեխաներուն։ Իսկ միւս հաստատութիւնն է Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային (UNESCO) Կազմակերպութիւնը։

Անցեալ տարի, լաւագոյն ուսուցիչի տիտղոսին եւ անոր առընթեր նիւթական հատուցման համար դիմած են՝ աշխարհի չորս ծագերէն, 12,000 ուսուցիչներ։ Իսկ ո՞վ եւ ինչո՞ւ շահած է այդ տիտղոսը, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։

Ուրեմն, Ranjitsinh Disale 32 տարեկան ուսուցիչ մըն է (տես նկարը՝ իր ծնողքին հետ) որ կ՛ապրի Արեւելեան Հնդկաստանի Paritewadi գիւղը եւ պետական դպրոցի մը երրորդ եւ չորրորդ դասարաններուն դասատու է։ Իսկ դէպքը՝ որուն համար ան շահած է լաւագոյն ուսուցիչի կոչումը, պատահած է 2010 թուականին։

Ան իմացած է որ իր անչափահաս աշակերտուհիներէն մէկուն հայրը որոշած է իր անչափահաս աղջիկը ամուսնացնել 30 տարեկան մարդու մը հետ։ Անմիջապէս ան կ՛երթայ աշակերտուհիին տունը եւ կը ջանայ համոզել իր հայրը որ յետս կոչէ ամուսնութիւնը։

Երբ հայրը կը դժկամի, մեր մտահոգ ուսուցիչը կը կանչէ տեղւոյն ոստիկանը, որովհետեւ անչափահասներու ամուսնութիւնը անօրինական է Հնդկաստանի մէջ։ Երկուստեք՝ անոնք կը համոզեն աշակերտուհիին հայրը եւ ամուսնութիւնը տեղի չունենար . . .

Ասոր համար՝ խնդրոյ առարկայ ուսուցիչը կ՛արժանանայ լաւագոյն ուսուցիչի կոչումին եւ կ՛ստանայ մէկ միլիոն տոլար։ Թէեւ տասը տարի անցած է պատահարէն, սակայն աւելի լաւ ուշ՝ քան երբեք, չէ՞ք խորհիր!

Լաւագոյն Տապանաքարի Մրցանա՞կ . . .

Սա լսուած բան է՞։ Եղբայր, մեռելները հանգիստ ձգեցէք իրենց տեղը ու մի՝ խանգարէք անոնց յաւիտենական քունը ու վերջ։

Բայց մի մոռնաք որ հոս ամերիկա է եւ ամէն ինչ կարելի է ու ներելի։ Ուրեմն այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Եութահ նահանգի Լոկըն քաղաքէն, որուն գերեզմանատան մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտած է Ռասըլ Ճ. Լարսըն (1921-1983) անունով անձ մը:

Հանգուցեալ Ռասըլի (տես նկարը) տապանաքարը լաւագոյն մրցանակի արժանացած է ոչ թէ որովհետեւ այդ մեծ է եւ կամ փարթամ, այլ՝ անոր վրայ արձանագրուած հինգ օրէնքներուն համար, ըստ որում մարդ մը կրնայ երջանիկ ապրիլ իր կեանքի ընթացքին։

Հիմա թոյլ տուէք որ նշեմ այդ հինգ օրէնքները, թէկուզ եթէ հետեւիք անոնց՝  դուք ալ կրնաք երջանիկ կեանք մը վայելել, այս երկրի վրայ։

  1. Կարեւոր է որ ունենաս կին մը որ քեզի կ՛օգնէ տանը մէջ, կ՛եփէ ատենը մէյ մը, կը մաքրէ ամէն կողմ եւ նաեւ շահաբեր գործ մը ունենալով՝ կ՛աշխատի ու դրամ կը շահի։
  2. Կարեւոր է որ ունենաս կին մը, որ կրնայ քեզի խնդացնել։
  3. Կարեւոր է որ ունենաս կին մը, որուն կրնաս վստահիլ եւ քեզի երբեք չի խափեր։
  4. Կարեւոր է որ ունենաս կին մը, որ լաւ է անկողինին մէջ (good in bed) եւ կ՛ուզէ միշտ քեզի հետ ըլլալ։
  5. Շատ, շատ կարեւոր է, որ վերոյիշեալ չորս կիները երբեք զիրար չի ճանչնան, այլապէս՝ ինծի նման կեանքդ շատ արագ կերպով կը վերջանայ . . .

Հիմա ես չեմ գիտէր թէ այդ չորս կիներուն հետ՝ ամուսնացա՞ծ էր մեր հանգուցեալը, թէ անոնց հետ պարզապէս սեռային յարաբերութիւն մշակած էր։ Բայց կարծես շատ ալ կարեւոր չէ այդ, այս հանգրուանին։

Դժբախտաբար սակայն հանգուցեալի վերոյիշեալ «Կեանքի Դաւանանքը» չի սազիր քսանմէկերորդ դարու իրականութեան հետ՝ երբ սեռերու հաւասարութիւն ջատագովող շարժման (feminism) հետեւորդներուն խոտոր կը համեմատի այդ, չէ՞ք խորհիր։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img