Այս շաբաթ տեղական խաղացողներու կողմէ ըստ երեւոյթին յատուկ ճիգեր պիտի ըլլան 24 հոգինոց կառավարութեան մը կազմութեան ծրագիր մը յառաջ մղելու համար:
Եղած փորձ մըն է յառաջ մղելու փակուղիի առաջ գտնուող գործընթացը:
Տեղական ճիգերը յառաջացան որպէս արդիւնք անցեալ շաբթուայ ընթացքին կայացած արաբական, թէ միջազգային դիւանագիտական աշխուժութեան, որոնք գործի լծուած էին փրկելու կացութիւնը:
Առանց վեթոյի իրաւունքի, 24 հոգինոց կառավարութիւն մը կազմելու առաջարկութիւնը առաջին անգամ եկաւ Ընկերվար-Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար՝ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Այս առաջարկը երկրորդած է խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի, որ այս ուղղութեամբ աշխատանք կրնայ տանիլ յառաջիկայ օրերուն: