Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի հայկական շրջանակներուն քաջածանօթ անուն հանդիսացող, Քոնկ-Ֆույի մեծ վարպետ, լիբանանահայ համայնքի ազգային կեանքի մասնակից, Լիբանանի մօտ Արցախի պատուաւոր հիւպատոս Մասթըր Կարօ Քէպապճեան ոչ եւս է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն։ Նշենք, որ Մասթըր Կարոյի առողջական վիճակը վերջին օրերուն կտրուկ կերպով վատթարացած էր «Քորոնա» վարակին հետեւանքով։
Երկար տարիներ նուիրումի եւ ազգային առաքելութեան հաւատացող Կարօ Քէպապճեանը եղած է դաստիարակ հարիւրաւոր երիտասարդներու։
«Առողջ մարմին, ազնիւ հոգի, արթուն միտք» նշանաբանի կրող հանդիսացող Մասթըր Կարօն պիտի յիշատակուի սերունդներուն կողմէ, իսկ Շուշիի բերդաքաղաքի մէջ անոր թողած աւանդը անպայմանօրէն ոսկեայ տառերով պիտի գրուի այն հոգիներուն մէջ, որոնք պայծառ օր մը դարձեալ պիտի ազատագրեն հերոսներու բոյն Շուշին։
Chap.am-ի խմբագրակազմին անունից ցավակցում ենք այս մեծ ու անդառնալի կորստի համար և համբերություն մաղթում Մասթըր Կարօի հարազատներին, ընտանիքի անդամներին։ Իրապես այս կորուստը անսպասելի էր ու ծանր բոլորիս համար։ Հանգչես խաղաղությամբ, հայրենասեր հայ։