ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, Մարտ 21, 2021-ին Փասատինայի Հայց. Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հաւատացեալները եւ ներկայ ժողովուրդին համար ցնծութեան եւ անհուն ուրախութեան անմոռանալի օր մըն էր, որ երկար տարիներ պիտի յիշուի եւ փառաբանուի ներկայ ժողովուրդին կողմէ։
Այդ օր, Արեւմտեան Թեմիս եւ Մեքսիքոյի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան իր եպիսկոպոսական հոգեթով պատարագով, հոգեւոր մեծ լիցքաւորում փոխանցեց բարեպաշտ ժողովուրդին։
Նմանապէս այդ օր Մեծ Պահքի վեցերորդ Կիրակին էր, որ Գալստեան Կիրակի կը կոչուի, իսկ մէկ օր առաջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին «մուտքն ի Վիրապի» օրն էր, եւ սոյն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր, առաւել՝ այդ օր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրուած էր օծելու եկեղեցիէն ներս դրուած արուեստի հոյակապ երկու գործեր, առաջինը կը ներկայացնէ Քրիստոսի Յարութեան տեսարանը, իսկ երկրորդը եկեղեցւոյ մուտքին զետեղուած եկեղեցւոյ մոզայիք նկարը։
Այս նկարներուն պատրաստութեան ծախսը հոգաց ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մօտ հիմնադրամ մը հաստատեց Տիար Յարութիւն Այվազեան, 300,000 տոլար նուիրելով։ Առաւօտեան ժամը 10։30-ին սկսաւ եպիսկոպոսական պատարագը։ Սուրբ Խորանին պատարագիչ եպիսկոպոսին կը սպասարկէին Տէր Վազգէն եւ Տէր Գէորգ քահանաները։ Գեղաձայն երգչախումբը ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Պարթեւ Կուլումեանին եւ երգեհոնահարութեամբ Կիւրեղ Մանկրեանի, պարզապէս հիասքանչ էր, բառ եւ խօսք չունինք նկարագրելու համար այդ երգչախումբի եւ ղեկավարին կատարումները։
Պատարագիչ Սրբազան Հայրը խնկարկումի շարականի երգեցողութեամբ, եկեղեցւոյ դասը իջաւ ժողովուրդը օրհնելու համար։ Հաւատացեալները Սրբազան Հօր մօտենալով, անոր զգեստները հպելով եւ ձեռքի սրբաշող խաչին առաջ խոնարհելով կը ստանային իրենց օրհնութիւնները, իսկ Սրբազան Հայրն ալ ժողովուրդին կը վստահեցնէր ըսելով. «Յիշեալ լիջիք առաջին անմահ որդւոյն Աստուծոյ»։
Ինչպէս յիշեցինք Ս. Պատարագի ամբողջ տեւողութեամբ սարկաւագներուն, երգչախումբի եւ տէր հայրերուն եւ պատարագիչ Սրբազանին համախառն եւ ներդաշնակ աղօթքներով յորդահոս օրհնութիւններ բաշխեցին ներկայ ժողովուրդին։
Ս. Հաղորդութենէ եւ հոգեհանգստեան արարողութենէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ իր հոգեթով քարոզը, անդրադառնալով Գալստեան Կիրակիին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի «մուտքն ի վիրապի» օրուան, եկեղեցւոյ անուանակոչման առիթով շնորհաւորեց եւ մեծապէս գնահատեց Տէր Հօր, վարչութեան եւ բոլոր ծառայողներուն նուիրումը։
Քարոզէն ետք տեղի ունեցաւ Սրբանկարներու օծման հոգեպարար եւ սրտաշարժ արարողութիւնը, վերջաւորութեան «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ Սրբազան Հայրը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ Կիրակոս սրահը, ուր վարչութիւնը կազմակերպած էր հիւրասիրութիւն մը։
Սրբազան Հօր փակման խօսքով վերջ գտաւ այդ յիշատակելի հոգեւոր օրը։
Մեր կողմէ յիշենք, թէ Փասատինայի Հայց. Առաքելական եկեղեցին հիմնուած է 1947-ին։ Այս ծուխը եւ եկեղեցին կը հանդիսանան Փասատինայի հայ համայնքի կազմակերպման, ձեւաւորման եւ ազգային բազում աշխատանքներու հիմնաքարը։ Այս եկեղեցւոյ անդամներու շնորհիւ է, որ Փասատինայի մէջ ծնունդ առին տասնեակ մը միութիւններ, թերթեր եւ հաստատութիւններ։ Փասատինայի եկեղեցին Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու մէջ, միակ եկեղեցին է, որ ամէնօրեայ Յովսէփեան Վարժարանը ունի, իր յարակից բազմազան մարմիններու եւ յանձնախումբերու կողքին։
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այս Ծուխի բոլոր պատասխանատուները Աստուածահաճոյ այդ օրուան Պատարագին համար։
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունինք նաեւ բարերար Յարութիւն Գրիգոր Այվազեանին, որ իր ծնողքին քայլերուն հետեւելով, նման իշխանական նուիրատուութիւններով կը շենցնէ մեր գաղութը։
Բոլորին վարձքը կատար։