Հակառակ քորոնա ժահրին պատճառով տիրող համընդհանուր անդամալուծութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս լաւապէս նախապատրաստուեցաւ Լիբանանի թեքուանտոյի այս տարուան ախոյեանութեան մրցումներուն եւ ընդհանուր դասաւորման պատուաւոր երկրորդ դիրքը գրաւեց, շահելով երեք ոսկի եւ մէկ պրոնզ մետալ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս չորս մարզիկներով մասնակցեցաւ ախոյեանութեան մրցումներուն:
Այս յաջողութեան առիթով, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինը շնորհաւորեց մետալակիր մարզիկները, թեքուանտոյի դպրոցին մարզիչները եւ թեքնիք պատասխանատուները:
ՀԵԸ Անդրանիկ թեքուանտոյի դպրոցին մարզումները տեղի կ’ունենան մեսթըր Գոզէթ Պասպուսի եւ վարչական պատասխանատու Նարեկ Պուլտուքեանի հսկողութեան տակ:
ՀԵԸ-ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ