ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Խե՜ղճ Առիւծը . . .
Գաղտնիք մը չէ որ ես կենդանիներու բարեկամ կամ պաշտպան չեմ, սակայն կամ պարագաներ երբ բացառութիւնները յարգելի կը դառնան եւ ես կ՛անդրադառնամ անոնց մասին։ Ահաւասիկ այդ երեւոյթներէն մին։
Այս տարօրինակ պատմութիւնը մեզի կու գայ Հոլանտայի Արնհէմ քաղաքէն։ Այդ քաղաքի Royal Burgers կենդանաբանական պարտէզի 11 տարեկան արու առիւծը՝ Թհոր (Thor) անունով (տես նկարը), կ՛ենթարկուի անսովոր վիրաբուժական գործողութեան մը (vasectomy), ըստ որուն ան այլեւս անկարող է յղիացնել էգ առիւծները։ Բայց ինչո՞ւ, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։
Վերջերս մեր պատմութեան արու առիւծը սեռային յարաբերութիւն ունեցած է երկու էգ առիւծներու հետ։ Այդ էգ առիւծներէն մին ծնունդ տուած է երկու կորիւններու, իսկ երկրորդը՝ երեք կորիւններու . . .
Ուրեմն՝ որպէսզի կորիւնները չբազմանան, վերոյիշեալ գործողութիւնը տեղի ունեցած է։ Այդ գործողութիւնը կատարող անասնաբոյժը՝ Լութըն, նշած է որ 35 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է որ կատարած է վիրաբուժական նման գործողութիւն մը։
Առաւել՝ նոյն այդ անասնաբոյժը, լրագրողներու հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցուցած է որ իրենք կրնային ուրիշ գործողութիւն մը castration կատարել, սակայն այս վերջինը յոռի հետեւանքներ պիտի ունենար։ Օրինակ՝ անոր բաշը պիտի թափէր եւ արու ըլլալէ պիտի դադրէր։
Vasectomy-ին եւ castration-ի տարբերութիւնը այն է որ առաջինը ժամանակաւոր է եւ կրնայ յետս կոչուիլ, սակայն երկրորդը հիմնական է եւ կը մնայ։
Հետաքրքրական է գիտնալ ու castration-ը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ նոյն ինքն «ներքինացում»ը։ Ձեր յիշողութիւնը թարմացնելու համար յիշեմ որ «ներքինացման» գործողութիւնը կը կատարէին հին ժամանակուան թագաւորական պալատներուն մէջ աշխատող պահակներուն վրայ, որպէսզի անոնք չկարենային ապահովութեան համար իրենց վստահուած թագուհիին եւ իշխանուհիներուն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Անոնք «ներքինի» կը կոչուէին!
Ֆիլմի Տարօրինակ Փարատօն մը . . .
Տարին մի քանի անգամ եւ տարբեր վայրերու մէջ ֆիլմի փառատօներ տեղի կ՛ունենան։ Օրինակ՝ Ֆրանսայի Քան քաղաքին մէջ, Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ եւ անշուշտ նշանաւոր Oscars-ը՝ Հոլիուտի մէջ։
Ահաւասիկ ինծի անծանօթ փառատօն մը՝ որ տեղի կ՛ունենայ Շուէտի մէջ։ Արդարեւ, Սքանտինավեան երկիրներու մեծագոյն ֆիլմի ֆեստիվալն է այս որ տեղի պիտի ունենայ Շուէտի արեւմտեան ափի կղզիներէն՝ Hamneskar-ի (տես նկարը) մէջ։ Բայց ինչո՞ւ տարօրինակ կոչեցի այս փառատօնը, հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։
Ուրեմն այս փառատօնին որպէս հանդիսատես պիտի մասնակցի մէկ անձ միայն, որովհետեւ Պսակաձեւ Ժահրի համաճարակին պատճառաւ հասկնալի սեղմումներ կան։ Իսկ այդ անձն է հիւանդապահուհի մը Լիզա Էնրաթհ (տես նկարը) անունով։ Լիզա ընտրուած է 1,200 դիմում կատարողներէն որպէս գնահատանք իր անձնուէր ծառայութեան, համաճարակէն վարակուած հիւանդներուն։
Փառատօնի գլխաւոր վարիչ քարտուղար Միրճա Ուէսթըր հետեւեալ ձեւով արդարացուցած է Լիզայի ընտրութիւնը որպէս փառատօնին միակ հանդիսատեսը։
«Ճիշդ կը գտնեմ որ այս հազուագիւտ փորձառութիւնը տրուի առողջապահական համակարգէն անձի մը, որուն ծառայութիւնը ժահրի տարածման դէմ անգտանելի է։»
Իսկ երբ խնդրոյ առարկայ հիւանդապահուհիին կարծիքը հարցուցած են, ան հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է։
«Առողջապահական ասպարէզիս մէջ՝ կարծես դարաշրջան մը սպառած եմ մտիկ ընելով, քննութիւն կատարելով եւ մխիթարելով։ Կ՛զգամ որ այլեւս ուժասպառ դարձած եմ։»
Իմ կարգիս՝ ես պիտի ըսեմ, «Պատիւս արժանաւորաց»: