Հայաստանի մէջ քորոնա ժահրի հետեւանքով մահացաւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր նախագահ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քոնկ ֆու-ուու շուի հիմնադիր, Մերձաւոր արեւելքի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը։
Հայ ժողովուրդին ամբողջանուէր ծառայութիւններ մատուցած Մասթըր Կարօն երեւոյթ մըն էր իր տեսակին մէջ:
Հողը թեթեւ գայ ազնիւ հայուն վրայ:
Մեր տեղեկութիւններով, յուղարկաւորութեան կարգը պիտի կատարուի վաղը՝ Ուրբաթ 3 Ապրիլ 2021-ին եւ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ իրմէ առաջ մեկնած իր աշակերտներուն, զինակիցներուն եւ սիրելիներուն կողքին: