Բարսեղ Թուղլաճեան (1 Ապրիլ 1933, Պոլիս, Թուրքիա — 12 Դեկտեմբեր 2016, Պոլիս, Թուրքիա), պատմաբան, թարգմանիչ, բառարանագէտ, բանասէր եւ գրող։ Հաստափոր ու մեծահասակ բազմաթիւ թրքերէն հատորներու, երկլեզու աշխատասիրութիւններու եւ հանրագիտարաններու հեղինակ։ Հանրածանօթ դէմք թէ՛ թուրք, թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար շրջանակներու մօտ։
Թուղլաճեան ծնած է Պոլիս, 1933-ին։ Հայեցի կրթութիւնն կը ստանայ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանէն, 1946-51։ Այնուհետեւ Ամերիկա անցնելով (Միշիկընի Համալսարան), կը հմտանայ անգլերէնի մէջ ու Պոլիս վերադարձին (1955)՝ իբրեւ անգլերէնի դասատու կը պաշտօնավարէ տարբեր դպրոցներու մէջ։
Շարքը երկար է իր հրատարակած հատորներուն (քսանէ աւելի), որոնք կը յատկանշուին մանաւանդ իրենց ճոխ նկարազարդումներով եւ պատմական հազուագիւտ վաւերագիրներով։
Ան վարպետ մըն էր հանրագիտարանային գործերու գրառումին մէջ, տարիներու երկայնքին շարունակ կը հաւաքէ եւ իր արխիւին վրայ կ’աւելցնէ փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, տուեալներ, գիրքերու կողքեր, հին թերթերու նմոյշներ ու ամէն ինչ՝ որ իր հրատարակութիւններուն կրնար նպաստել։ Ան նաեւ պրպտումներ կը կատարէ թրքական արխիւներու մէջ։
Պատրաստած է թրքերէն-անգլերէն տարաբնոյթ բառարաններ (գիտական, տնտեսական, իրաւաբանական, բժշկական բառերու)։ Իրեն կը պատկանին նաեւ հանրագիտաբանային բնոյթի գործեր, ինչպէս՝ «Օքիանուս» (Ովկիանոս) եռահատոր հանրագիտարան-բառարանը, նաեւ թանկարժէք գիրքեր՝ Մարմարա ծովու կղզիներուն, Պոլսոյ հայոց եկեղեցիներուն, Տատեան ամիրաներու ընտանիքին, ծովանկարիչ Այվազովսկիին, արեւմտահայոց մշակութային եւ հրատարակչական գործունէութեան՝ «Արեւմտեան աշխարհի հայերը» (Պաթը էրմէնիլէրի, 5 հատորանի) օսմանցի պալատական կիներու մասին, եւայլն։
Թուղլաճեան իր գործերը գրած է ընդհանրապէս թրքերէնով, ու հետեւաբար՝ թուրք մշակոյթի՛ն է որ ծառայած է գլխաւորաբար։ Բայց ան ամէն առիթով հայ ժողովուրդի տաղանդնե՛րն ալ ճանչցուցած է օտարներուն (թրքերէնով կամ անգլերէնով)։