Անխախտ պահենք այն յոյսը որ կը դաւանինք‚ վստահ ըլլալով` որ Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումին: Հոգածու ըլլանք իրարու հանդէպ‚ սիրոյ եւ բարի գործերու մղելով իրար: (Եբր. 10։23-24)
Զատկական բարեբաստիկ տօնին առիթով, սիրով կ՛ողջունենք Լիբանանահայ մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները եւ կը մաղթենք, որ տեսակաւոր տագնապներու ենթակայ մեր ներկայ կացութեան մէջ, յարութեան աւետիսով նորոգուած, նոր պայծառութիւն գտնենք մեր կեանքին համար։
Այսօր մեր Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ մեր սրտերը ուղղելու դէպի Աստուած՝ դէպի անսպառ շնորհքներու այն աղբիւրը, որ մարդուն առաւել կեանք պարգեւելու ցանկութեամբ, Իր Միածինը ընծայաբերեց Խաչին վրայ։ Արդարեւ, զոհաբերութիւնը, որուն միջոցաւ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս իր կեանքը նուիրաբերեց մարդու փրկութեան նպատակին, լաւագոյնս կ՛արտայայտեն Աստուծոյ ունեցած անսահման եւ կատարեալ սէրը մարդուն հանդէպ։ Այդ իսկ պատճառով, խաչը, որ մահուան համար ծրագրուած դաժան գործիք էր, Քրիստոսի զոհաբերութեան շնորհիւ դարձաւ երկինքի արքայութեան դռները բացող բանալի։ Ուստի եւ, բոլոր անոնք որոնք կը հաւատան Խաչի զօրութեան, հոգիի աչքերով կը տեսնեն նաեւ Յարուցեալը եւ սանդուխն ի վեր ուղղուելով, կը ձգտին հասնիլ անոր շնորհած յարութեան անմահ կեանքին։
Թերեւս ոմանք խորհին, որ Քրիստոսի Յարութիւնը բնութեան օրէնքներուն հետ հաշտ չէ։ Սակայն, հակառակ ալ չէ: Բնութիւնն ալ իր մէջ ունի մահուան ու յարութեան օրինակներ։ Արդարեւ, ցորենի հատիկն ալ հողին մէջ թաղուելով կը մեռնի, սակայն որպէսզի դարձեալ նոր եւ բազմարդիւն կեանքով յայտնուի։ Նոյնպէս եւ մարդը, իր մարմինէն հրաժարելով, Աստուածային տնօրինումով, կրնայ դարձեալ փառաւորեալ վիճակով վերադառնալ կեանքին։ Պօղոս Առաքեալ, Կորնթացիներուն գրած իր Ա. Նամակին մէջ կ՛ըսէ.
«Ճիշդ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ մեռելներու յարութիւնը: Մարմինը հող կը դրուի եղծանելի վիճակով‚ եւ յարութիւն կþառնէ` անեղծ. հող կը դրուի անարգ‚ եւ յարութիւն կþառնէ` փառաւոր. հող կը դրուի տկար‚ եւ յարութիւն կþառնէ զօրաւոր. հող կը դրուի իբրեւ շնչաւոր մարմին‚ եւ յարութիւն կþառնէ իբրեւ հոգեւոր մարմին»:
(Ա. Կորն. 15։42-44)
Հետեւաբար, եթէ աստուածային տնօրինումները չեն համապատասխաներ մարդկային մեր փորձառութիւններուն եւ եթէ մտքով չենք կրնար զԱստուած ճանչնալ եւ ըմբռնել անոր խորհուրդները, ապա հաւատքով ու սրտի վստահութեամբ կրնանք։ Ի վերջոյ, մտքին ունեցած գիտութիւնը այս աշխարհի հարցերուն կը վերաբերի եւ ունի սահման. մինչդեռ սիրտն ու հոգին կը պատկանին Աստուծոյ։ Այդ իսկ պատճառով, առանց հաւատքի, երբեմն դժուարութիւններու մատնուածները, ի զուր կը փորձեն գտնել փրկութեան ճամբայ եւ ի զուր ալ կը սպասեն հրաշքի։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Խաչելութենէն ետք, Քրիստոսի աշակերտներն ալ անոր գերեզմանը դատարկ գտնելով, պահ մը երկմտեցան. սակայն, երբ յարութիւն առնելէ ետք Յիսուս անոնց մէջ յայտնուեցաւ, անոնք հաւատացին եւ այդ հաւատքով ալ իրենց կեանքը պայծառացուցին։ Դամասկոսի ճամբուն վրայ, յարուցեալը լուսեղէն կերպարանքով յայտնուեցաւ Սողոսին եւ ըսաւ.- «Սողոս, Սողոս, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»: (Գործք. Առաքելոց 9:4) Սողոս տեսած չէր Յիսուսը եւ ջերմեռանդութեամբ ալ ամէն տեղ կը հալածէր անոր հետեւորդները: Սակայն, երբ լսեց Յարուցեալին ձայնը, խրատուցաւ եւ դարձաւ Պօղոս մեծ առաքեալը, որուն պիտի վիճակուէր հեթանոս աշխարհին տանելու Աւետարանին լոյսը: Ուստի, չսպասենք որ միեւնոյն հարցումը ուղղուի մեզի, մանաւանդ եթէ մեր կենսաոճով մենք ալ զինք կը հալածենք մեր առօրեային մէջ:
Յարութիւնը, արդիւնք էր նոր պատճառի մը, որ է Աստուած։ Իսկ զԱստուած ճանչնալու համար, մարդկային մտքէն աւելի կարեւոր են հաւատքն ու սրտի վստահութիւնը։ Անոնք որոնք իրենց կեանքին մէջ վստահութեամբ ապրած են Աստուծոյ ներկայութիւնը, անվերապահօրէն կը հաւատան թէ մահուան վրայ յաղթանակ տարած մեր Տէրը, այսօր մեզի կու գայ, որպէսզի յաւիտենական կեանքին տանի մարդը։ Ուստի, Յարուցեալին ներկայութիւնը զգալով մեր ներքին հոգեւոր աշխարհին մէջ, մենք ալ վստահութեամբ սկսինք այստեղէն հաւատքով նայիլ դէպի յաւիտենականն ու յաւերժը, որպէսզի նաեւ կարենանք վերադառնալ հոն։
Եդէմի դրախտին մէջ, մարդը կեանքին կը նայէր բոլորովին անմեղ աչքերով. մինչդեռ այսօր, մեր ապրումներն ու իղձերը այնքան կապած ենք այս աշխարհին, որ երբեմն նոյնիսկ բոլորովին անջատուած ենք Աստուծմէ ու դարձած անգիտակ։
Սուրբ Յարութեան տօնը Եդեմական դրախտին քաղցր յիշատակը կը բերէ մեզի եւ այդ յիշատակին մէջ, մենք ափսոսանքով պէտք է զգանք մեղքին պատճառով մեր ունեցած կորուստներուն մեծութիւնը եւ Դրախտին կարօտով, մեր սրտերը ուղղենք դէպի Աստուած՝ դէպի Յարուցեալը, որ այսօր իր փրկաւետ ձեռքը մեզի երկարելով, մեզ կը հրաւիրէ վերադառնալու մեր էութեան։
«Ուստի‚ սիրելի՛ եղբայրներս‚ ամուր եւ հաստատո՛ւն մնացէք‚ միշտ աւելիո՛վ աշխատեցէք Տիրոջ գործին համար‚ գիտնալով որ ձեր յոգնութիւնը առանց վարձատրութեան չի մնար Աստուծոյ առջեւ: (Ա. Կորնթ. 15։58)
Ս. Յարութեան տօնին առիթով, սրտագինս կը շնորհաւորենք Թեմիս հոգեւորականաց դասը, ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնական մեր կեանքէն ներս գործող մեր ազգային կառոյցներու ու մարմիններու պատասխանատուները ու մեր սիրեցեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակները։
Սրտովին կþաղօթենք, որ Յարուցեալին հետեւելու, անոր նմանելու ու հասնելու տենչով, այս դժուարին ու անորոշ ժամանակներուն, մեր շրջապատին ընծայուած ծառայութիւներուն ընդմէջէն, հաւատարմութեամբ կարողանանք կատարել Աստուծոյ կամքը եւ կենդանանալ հաւատքով, երազներով, իղձերով եւ իտէալներով։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
Մնամ սիրոյ ողջունիւ աղօթարար՝
Շահէ Արք. Փանոսեան
Առաջնորդ Հայոց Լիբանանի