«Ինչու՞ խռոված էք եւ ինչու՞ սրտերնուդ մէջ
խորհուրդներ կ’ելլեն: Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս,
որ ես ինքս եմ. շօշափեցէք զիս ու տեսէ՛ք…»
Ղուկ. 24. 38-39
Վերջին շրջանի մեր կեանքին մէջ՝ շրջապատուած ենք մահուան անխուսափելի իրականութիւնով: Մահուան ահազանգը աւելի շեշտակի կը հնչէ մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Ոչ միայն որպէս կեանքի իրականութիւն, այլ՝ շատերու տարաժամ մահով, մահը «աւելի մօտիկ» եկած է մեզի. Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթիւնով, Արցախի անհաւասար պատերազմով եւ «Քորոնավիրիւս»ի համավարակ սպառնալիքով՝ իրենց «բնական» ժամանակէն առաջ մահացան շատ շատեր, ինչ որ վախի, անորոշութեան եւ յուսահատութեան մթնոլորտի մէջ դրաւ մեզ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը դարձեալ կը հրաւիրէ մեզ դուրս գալու մահուան ստեղծած մթնոլորտէն, դիմաւորելու կեանքը, որ շատ աւելին է՝ քան ինչ որ մեր աչքերը կը տեսնեն: «Կեանքը իր ճամբով՝ մահը իր ճամբով» ժողովրդական հասկացողութեան մէկ արտայայտութիւնը չէ այս. այլ՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերջնական յաղթանակը մահուան վրայ: «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասիրտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի». կ’ըսէ Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն: Եւ՝ Յաղթական Յարուցեալը մեզի կու գայ մահէն անդին:
Մեր հաւատամքին մէջ՝ կը յայտարարենք, «Չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր յարուցեալ, ելեալ յերկինս նովին մարմնովն՝ նստաւ ընդ աջմէ Հօր»: Տէր Յիսուսի աշակերտները, իրենց Վարդապետին տարաժամ եւ չարչարալից մահով՝ մատնուած էին վախի, անորոշութեան եւ յուսահատութեան: Հաւաքուած էին տեղ մը, թերեւս՝ զիրար մխիթարելու համար, եւ գոցած դռները՝ վախով (Յովհ. 20. 19), երբ Տէր Յիսուս Քրիստոս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղը, դարձեալ ասպարէզ կարդալով մահուան: Անոնք տեսան Խաչեալը Իր կենդանի մարմնով, թէեւ ստացած վէրքերով: Եւ՝ Իր աշակերտներուն ալ ասպարէզ կարդալու պէս, Տէր Յիսուս կը հրաւիրէ զիրենք մօտենալու եւ շօշափելու իր վիրաւոր սակայն յարուցեալ մարմինը:
Մեր բոլոր վիճակներուն մէջ՝ Տէր Յիսուս մեզ եւս կը հրաւիրէ որ Իրեն նայինք եւ տեսնենք թէ մահուան դիմաց՝ կեանքին նշանով, կեանքին լուրով կը հաստատուինք: Մահուան իրականութիւնը ընդունելու եւ անոր հետ հաշտուելու հրաւէր մը չէ այս. այլ՝ մահէն անդին՝ կեանքին նայելու եւ յաղթանակի յոյսով վերականգնելու գրաւական: Քանդուած բաները կը վերաշինուին, վէնքերը կը սպիանան, անորոշութիւնները կը փարատին եւ կեանքը կը վերանորոգէ մեզ: Տէր Յիսուս Քրիստոս, մեր Յարուցեալ Փրկիչը այսօր եւս մեզի հետ է ինչպէս խոստացաւ (Մատթ. 28. 20), իմաց տալու մեզի թէ կեանքը մահէն եւ մեր տեսածներէն շատ աւելին է: Կեանքը Իրմով է:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան
Նախագահ, Մ. Ա. Հ. Ա. Ե. Միութեան
Ապրիլ 2021