Աննախընթաց երեւոյթով մը Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաաին ծանրօրէն քննադատեց Հըզպալլայի պահուածքը, ամբաստանելով կազմակերպութիւնը Լիբանանի վնաս հասցնելու մեղադրանքով:
Անպաշտօն կերպով հրապարակուած տեսերիզի մը մէջ Ռաաի հանդէս կու գար ծանր խօսքերով դիմելով Հըզպալլային:
Տեսերիզին մէջ Ռաաի հարց կուտար թէ ինչո՞ւ Հըզպալլան Լիբանանը պատերազմի կը մղէ առանց լիբանանցի գործընկերներու համաձայնութեան: Ան յականէ անուանէ կը քննադատէ Հըզպալլան միջամուխ ըլլալու Սուրիոյ, Եմէնի եւ Իրաքի մէջ:
Ան բացայայտեց, որ այցելութիւն կը ստանայ Հըզպալլայի մօտիկ անձնաւորութիւններէ, որոնք իրենք ալ դժգոհութիւն կը յայտնեն նշեալ կազմակերպութեան գործելաձեւին նկատմամբ: