Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՌԱԿ-ի Մամուլի Խօսքը Խորհրդարանական Հապճեպ Արտահերթ Ընտրութիւններ Կայացնելու Մասին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Եթէ արտահերթ ընտրութիւնները պիտի չբուժեն Հայաստանի վէրքերը՝ լեգիտիմութիւն հաստատելն ու մանտաթ ապահովելը պիտի մնան ապարդիւն մարզանքներ

Հայաստան եւ Արցախ պատմակշիռ ծանր հարուած մը ստացան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով։ Եթէ շրջանային գերհզօր ոյժեր սատարեցին այդ ահաւոր աղէտին, աննշան չէ նաեւ պատասխանատուութիւնը երկրի իշխող վարչախումբին, որուն ռազմական անհեռատեսութիւնը, դիւանագիտական անփորձութիւնը եւ վարչական անձեռնհասութիւնը ազդակներ դարձան այս մեծ պարտութեան։

Այս աղէտալի կացութեան գիտակից ոեւէ արժանապատիւ պետական մարդ կամ անհատ քաղաքացի տրամաբանօրէն պիտի դիմէր հրաժարման, որովհետեւ այսօրուան կացութիւնը աւելի բարդ է քան էր նախապատերազմեան շրջանին։

Եթէ կրցանք թշնամիին հետ զինադուլ կնքել, մենք ազգովին պէտք է ոյժ գտնենք զինադուլ կնքելու մեր միջեւ՝ սանձելով բեւեռացնող համացանցն ու մամուլը եւ վերջ տալով անասելի աստիճանի հասած փոխադարձ լուտանքներուն։

Ժամանակն է վերջ տալու հինի ու նորի, սեւի եւ սպիտակի, թալանչիի եւ լեգիտիմի յոգնած պիտակներուն եւ բոլոր ճակատներէ ներս փնտռելու միայն արժէքներ – քաղաքական, գիտական, ռազմական եւ տնտեսական։  Կազմել արժէքներու համախմբումով համազգային համերաշխական վարչակազմ մը եւ միայն այդ կերպով դիմել արտահերթ ընտրութեանց։

Այսօրուան քաղաքական լեզուական լաբիւրինթոսի Արշակաւանին մէջ պէտք է գտնուին պետական մարդիկ հասկնալու եւ կենսագործելու §հարկս լուծանէ օրէնս¦ սկզբունքը եւ անհրաժեշտը պատշաճեցնելով օրինականինՙ դիմել ընտրութեանց։

Արտահերթ ընտրութեանց նպատակը պէտք է ըլլայ դարմանել Հայաստանի վէրքերը եւ վերականգնել երկիրը։  Եւ ոչ թէ հաստատել, թէ ո՞ր խմբաւորումն է որ կրնայ մեծամասնութիւն գոյացնել եւ ջախջախել հակառակորդը կամ հակառակորդները։  Այն ինչ որ կորսուեցաւՙ կարելի չէ ետ բերել այսօրուան տուեալներով. ինչ որ կարելի էՙ մնացածը պաշտպանելն է։

Իրերու այս բարդ կացութեան դիմաց Ռամկավար Ազատական մամուլի աշխարհասփիւռ օրկաններու խմբագիրներս կ’ուզենք ի լուր մեր ամբողջ ժողովուրդին` Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, յիշեցնել թէ գործող նախագահըՙ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հինգ նախկին եւ մէկ ներկայ նախագահ տուին նախանշանները ազգային միասնականութեան ուղիին։  Կը բաւէ շարունակել եւ իր լրումին հասցնել այդ միասնականութիւնը։

Մեր հինգ հազար երիտասարդ նահատակները այլեւս պիտի չքուէարկեն արտահերթ ընտրութեանց: Իրենց ցաւին տակ կքած տասը հազար հաշմանդամներն ու անոնց պարագաներուն համար, ո՞րքանով առաջնահերթութիւն է մասնակցիլ ընտրութիւններու։  Երկիրը կաթուածահար է եւ անդամալուծուած։  Քաղաքացիներու մեծագոյն զանգուածը անտարբեր պիտի մնայ ընտրութեանց նկատմամբ, չգտնելով պահի լրջութեան համապատասխանող պետական վարչախումբ։

Հաւանական է թէ քուէարկութեան մասնակցին միայն ընտրազանգուածին մէկ փոքրամասնութիւնը. եւ  այդ փոքրամասնութեան մէջ գտնուող մեծամասնութիւն մը կրնայ տեսականօրէն ընտրել վարչախումբ մը, որ յաւակնի լեգիտիմութեան, բայց ոչՙ երկիրը կառավարելու հեղինակութեան ու կարողութեան։

Այժմու իշխանութիւնը պատասխանատու է ներկայ ձախողութեան։  Անոր վերարտադրութիւնը չի կրնար տալ աւելին՝ քան ինչ որ տուաւ աւելի բարելաւ պայմաններուն ներքեւ։

Այո, կայացնել արտահերթ ընտրութիւններ՝ հայրենիքը դուրս բերելու այսօրուան աղէտէն եւ ոչ թէ հաստատելու տեսութիւններ, որոնք պիտի մնան ապարդիւն մարզանքներ։

ՌԱԿ-ի Մամուլի Օրկաններու Համախմբում

«Ազգ» (Երեւան), «Ապագայ» (Մոնրէալ), «Արեւ» (Գահիրէ),

«Զարթօնք» (Պէյրութ), «Նոր Աշխարհ» (Աթէնք), «Պայքար» (Պոսթոն), «Սարտարապատ» (Պուէնոս Այրէս), Armenian Mirror-Spectator (Պոսթոն)

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img