200 էջերէ բաղկացած ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անգլերէնով գրուած այս գիրքը օրագրութիւն է 2020 թուականի Մարտ ու Ապրիլ ամիսներուն, երբ համաճարակը նոր սկսած էր:
Գիրքը կը շօշափէ զանազան բնոյթի նիւթեր՝ կրօնական, ընկերային, միջ-եկեղեցական, կենսոլորտային, նաեւ քաղաքական, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունին համաճարակի ստեղծած կացութեան եւ ընկերութեան դիմագրաւած տագնապներուն հետ: