Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մշակութային Արձագանգ. Նոր հրատարակութիւններ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Աղպաշեան Համբարձում, «Իրաքահայոց արդի պատմութիւնը», յառաջաբանը՝ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի, Yerevan Printing, Լոս Անճելոս, 2021, 400 էջ (16 x 24 սմ.) (525 լուսանկար) (արաբերէն): Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր զէյթունցի հօր՝ Մինաս Աղպաշեանի յիշատակին:

– Գալփագեան Յովհաննես (անունը այսպէս սխալ տպուած է), «Ռումանահայ գաղութը», վերահրատարակութիւն 1979-ին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքէն լոյս տեսած գիրքին, խմբագրեց, սրբագրեց, ծանօթագրեց, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը կազմեց Հեթում քահանայ Թարվերդեան, Երեւան, 2021 (բազմաթիւ լուսանկարներ): Հրատարակուած է ԱՄՆ էջմիածնական արեւմտեան թեմի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ Արցախեան երկրորդ պատերազմին նահատակուած հայ զինուորներուն:

– Եսայեան Զապէլ, «Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)», կազմող, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութիւններու հեղինակ՝ Անուշաւան Զաքարեան, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, «Էդիթ պրինտ» ՍՊԸ տպարան, Երեւան, 2020, 180 էջ (14,4 x 20,5 սմ.) (Մեծ Եղեռնի ականատես վկայ Հայկ Թորոյեանէն հայ գրագիտուհիին գրառած եւ Պաքուի «Գործ» ամսագիրի 1917 թուականի 2-րդ եւ 3-րդ թիւերուն մէջ լոյս տեսած նիւթը, ընդարձակ յառաջաբան, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով:

– Զաքարեան Անուշաւան, «Ռուս կոմպոզիտոր Թոմաս Հարտմանը եւ Կոմիտասը», խմբագիր՝ Աննա Ասատրեան, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 108 էջ (14,4 x 20,3 սմ.) (ռուսերէն եւ հայերէն ոչ-նոյնական նիւթեր) (լուսանկարներ, յաւելուած, հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Գիրքը լոյս տեսած է Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ:

– «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակ – Գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)», խմբագիր՝ Աշոտ Մելքոնեան, «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ» թիւ 14, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2021, 575 էջ (Լիբանանի հայոց երեք հոգեւոր պետերուն խօսքերը եւ գիտաժողովին հնչած 33 զեկուցումները, լուսանկարներ համագումարէն): Հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:

– «Նիկոլ Դուման. Նամականի», հրատարակութեան պատրաստութիւն, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւններ՝ Երուանդ Փամպուքեանի, Նիկոլ Դումանի մասին ակնարկը՝ Խաչատուր Ստեփանեանի, «Վէմ» մատենաշար թիւ 3, «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 336 էջ (16,5 x 23,4 սմ.) (Նիկոլ Դումանի գրած 132 նամակ, յետմահու լոյս տեսած նիւթեր, երկու յաւելուած, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, ծանօթագրութիւններ, լուսանկարներ): «Հատորը կը տպագրուի հովանաւորութեամբ ընկեր Նազարէթ Պարսումեանի, ի յիշատակ Հրայր Մարուխեանի»:

– Նոկալէս Մենտէզ Ռաֆայէլ տը, «Չորս տարի մահիկի տակ», ռուսերէնէ արաբերէն թարգմանութեան վերատեսութիւնը՝ Հուրի Ազէզեանի, «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ» թիւ 15, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2021, 534 էջ (Մեծ Եղեռնի ժամանակ օսմանեան բանակին մէջ ծառայած եւ հայոց դէմ վայրագութեանց մասնակից վենեզուելացի վարձկանին յուշերը) (արաբերէն):

– Պետրոսեան Մելքոն, «60 տարի ետք յուզումը դեռ կը խեղդէ զիս, 1905-1918 – Սարըլարէն Այնթուրա տարագրութեան պատմութիւնը», ֆրանսերէնէ թարգմանեց Շանթ Մարճանեան, «Hémisphères Maisonneuve & Larose» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2021 (Լեռնալիբանանի Այնթուրա գիւղին մէջ հաստատուած եւ հայ 1200 որբերու թրքացման նպատակը հետապնդող Խալիտէ Էտիպի տնօրինած որբանոցի հայ սանի մը յուշերը) (ֆրանսերէն):

– Ռոպինս Ճեյմս, «Երբ արթուն կը մեռնինք – Աւստրալիան, Նոր Զելանտան եւ Հայկական ցեղասպանութիւնը», «I. B. Tauris» հրատարակչութիւն (Լոնտոն – Նիւ Եորք), նոյեմբեր 2020, 280 էջ (15,6 x 23,4 սմ.) (անգլերէն):

– Տոլմաճեան Մորիս, «Ցեղասպանութենէն մինչեւ աքսոր», «Գիրք փապլիշինկ» հրատարակչութիւն, փետրուար 2021, 375 էջ (16 x 24 սմ.) (ֆրանսերեն) (պատմավէպ. քանի մը հայ ընտանիքներու հաւաքական կեանքը, իթթիհատականներու իշխանութեան գալը, տարագրութիւն դէպի Ռաս ուլ-Այնի մահուան ճամբարներ, Ֆրանսա հաստատում):

– Քիեզեր Հանս-Լուքաս, «Թալաաթ փաշա. Իթթիհատականներու ուղեղը, ցեղասպանութեան ճարտարապետը», թարգմանիչ՝ Այթեն Ալքան, «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2021, 408 էջ  (15 x 21,5 սմ.) (թրքերէն):

– Քուրթ Իւմիթ, «Այնթապի հայերը. Ցեղասպանութեան տնտեսութիւնը օսմանեան նահանգի մը մէջ», Հարվըրտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Նիւ Եորք, 2021, 400 էջ (15,5 x 23,2 սմ.) (Այնթապի նահանգին օրինակի հիման վրայ, հեղինակը կը հաստատէ, թէ հայոց ունեցուածքին տիրանալու մոլուցքը եղած է հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր խթաններէն մէկը, 15 լուսանկար, 10 աղիւսակ, 2 քարտէս) (անգլերէն):

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img