Շաբաթ, 25 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Սուրբ Յարութեան (Զատիկ) Տօնը Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը ՝ Երաշխիք Հաւատքի ու Յոյսի». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Վեհափառ Հայրապետին իբրեւ առընթերակայ Ս. Խորանին վրայ ներկայ էին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր ու սարկաւագներ։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ։

Օրուան իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Աստուծոյ Որդւոյն յարութեան դէպքին՝ ըսաւ, որ «Յարութիւնը յաղթանակ մըն էր չարին, մեղքին ու մահուան դէմ, ու միաժամանակ՝ հրաւէր մարդուն իր կեանքը հաւատքով շաղախելու ու յոյսով գօտեպնդելու։ Քրիստոսի յարութիւնը հարկ է նկատել որպէս երաշխիք մարդու յարութեան ու հրաւէր՝ կեանքի տագնապները յարութեան հաւատքով ու յոյսով դիմագրաւելու։ Առաքեալը կ՚ըսէ՝ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, մեր հաւատքը իր իմաստը պիտի կորսնցնէր։ Քրիստոսի յարութեան վրայ հիմնուած հաւատքը նաեւ աղբիւր է յոյսի։ Արդարեւ, դարեր շարունակ մարդիկ յուսացին Աստուծոյ Մեսիային գալստեան։ Քրիստոսի մարդեղութեամբ ու յարութեամբ այդ յոյսը իրականացաւ»։

Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Քրիստոսի յարութեան հաւատալ կը նշանակէ յոյսով ապրիլ, յոյսը դարձնել մեր կեանքին առանցքը ու ճամբան։ Քրիստոսի յարութեան հաւատալ կը նշանակէ յարութեան խորհուրդը ապրիլ մեր կեանքին մէջ։ Քրիստոսի յարութեան հաւատալ կը նշանակէ սպասել Քրիստոսի երկրորդ գալուստին։ Առանց յոյսի, սաղմոսին բառերով, մարդուն կեանքը կը վերածուի խոտի։ Քրիստոսով ապրիլ կը նշանակէ յոյսով ապրիլ, յոյսով զօրանալ»։

Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն՝ Հայրապետը ըսաւ. «Կ՚ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ։ Ծանր պայմաններով շրջապատուած ենք։  Մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին դիմաց ցցուած են հսկայ դժուարութիւններ։ Այս կացութեան դիմաց, մենք կոչուած ենք հեռու վանելու մեր կեանքէն մեզ դէպի պարտուողականութիւն, հեռացում ու յուսահատութիւն առաջնորդող հոգեվիճակներէ ու քայլերէ։ Հաւատքով շաղախուած յոյսն է մեր կեանքի ճամբան։ Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսի յարութեան։ Ա՛յս է ճամբան քրիստոնեայ մարդուն»։

Ս. Պատարագի ընթացքին ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ Քրիստոսի յարութեան հաւատքով վերանորոգեցին իրենց յոյսը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img