Ուրբաթ, 24 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Օտար Բարքեր

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Զանազան, Զարմանազան . . .

Գաղտնիք մը չէ որ գովազդները մեծ դեր կը խաղան արտադրութեան մը շուկայի վրայ յաջողութիւն գտնելու դժուարին գործին մէջ։ Իսկ այդ գովազդները՝ հեռատեսիլի վրայ թէ մամուլին մէջ, շատ աժան չեն։

Օրինակ մը տալու համար բաւ է յիշել թէ 2019 տարուան ընթացքին, նիհարնալու գովազդներուն համար՝ ամերիկայի մէջ ծախսուած է 78 միլիառ տոլար . . . Այդ գովազդները կ՛ընդգրկեն սնունդի յատուկ յայտագիր մը՝ (Nutrisystem) որուն պէտք է հետեւի անձը եւ որուն ուտելիքը կը հայթայթէ նոյն այդ ընկերութիւնը, մարզանքի օրական հետեւողականութիւն, դեղահատեր եւ այլն։

Վիճակագրական տեղեկութիւններ կը հաստատեն թէ ամերիկայի բնակչութեան երկու-երրորդը գէր են, որոնց համար կարեւոր է նիհարնալը (տես նկարը) եւ հետեւաբար ներկայանալի դառնալը։

Այս բոլորը հասկնալի է եւ ընդունելի, սակայն վերջերս նոր գովազդներ հրապարակ իջած են՝ որոնք կը ջատագովեն վերոյիշեալ գործընթացին ճիշդ հակառակը, այսինքն ինչպէ՞ս գիրնալ արագ եւ ապահով կերպով . . . Առ քեզի ամերիկա եւ ամերիկեան մտածելակերպ!

Օրինակ մը տալու համար վերոյիշեալ երեւոյթէն, բաւ է դիտել հետեւեալ նկարը՝ ուր մանկամարդուհի մը 23 pound, այսինքն 10.4 քիլօկրամ, վրայ դրած է։ Ապահով եւ արագ կերպով գիրնալու համար, խնդրոյ առարկայ ընկերութիւնը թելադրած է 19 տեսակի ուտելիքներ՝ որոնցմէ կարելի է յիշել հաւկիթը, բրինձը, գետնախնձորը, միսերու տեսակները, կաթն ու պանիրը։

Կ՛ապրինք դարու մը մէջ ուր մարդիկ բոլորովին շուարած են եւ չեն գիտեր ինչ ընել։ Գէրը կ՛ուզէ նիհարնալ, իսկ նիհարն ալ կ՛ուզէ գէրնալ։ Ինչո՞ւ, դժբախտաբար դժուար է կռահել։

«Տանջուող Քրիստոսը»

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող Վերոնա քաղաքէն։ Վերոնա քաղաքը պատմական նշանակութիւն ունի այն իմաստով որ Շէյքսփիրի «Ռոմիօ եւ Ժուլիէթ» նշանաւոր թատերախաղի հերոսներուն բնակավայրը հանդիսացած է ան։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ բազմահարիւր զբօսաշրջիկներ ամէն տարի կ՛այցելեն Վերոնա քաղաքը, տեսնելու համար այն տունը՝ որուն պատշգամէն Ժուլիէթ իր սէրը արտայայտեց Ռոմիոյին։

Իսկ ի՞նչ է այս արտասովոր պատմութիւնը որ գրաւեց աշխարհի ուշադրութիւնը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ Ուրեմն արուեստագէտ մը՝ Տարյօ Կամպարին անունով, դաշտը ունենալով որպէս պաստառ՝ նկարած է Յիսուսի (տես նկարը) դիմանկարը, որուն մեծութիւնն է 24,000 քառակուսի մեթր։

Տարյօ իր ստեղծագործութիւնը անուանած է «Տանջուող Քրիստոսը» որովհետեւ տակաւին շատ չանցաւ Քրիստոսի Յարութեան Զատիկէն, որմէ երկու օր առաջ՝ ան չարչարուելով խաչուեցաւ խաչափայտին վրայ։

Երբ Տարիոյին հարցուցած են թէ ինչո՞ւ կը նախընտրէ իր ստեղծագործութիւնները իրագործել հողի վրայ, ան սապէս պատասխանած է։ «Արուեստը արկածախնդրութիւն մըն է հոգիին, մտքին եւ ստեղծագործ երեւակայութեան։ Միայն մարդիկ որոնք քաջութիւնը ունին ազատ կամքով դիմակալելու այս ճամբորդութիւնը՝ նոյնիսկ վտանգելու գինով իրենց արժանապատուութիւնը, կրնան յայտնագործել այս բազմակողմանի իրականութիւնը։»

Հետաքրքրական է գիտնալ որ Տարյօ վերոյիշեալ իր արուեստին համար կը գործածէ թրաքթոր մը, գութան մը եւ թաւալող տափան (աղեղ) մը։ Իսկ իր նախկին ստեղծագործութիւններուն մաս կը կազմեն՝ ամերիկայի նահատակեալ նախագահ Ճան Քենետին, Հարաւային Ափրիկէի առաջին սեւամորթ նախագահ Նելսըն Մանտելան եւ Ֆրանսիս Պապը, ի միջի այլ նշանաւոր դէմքերու։   

Սակայն միակ անպատեհութիւնը նկարչական այս երեւոյթին այն է որ պէտք է վերէն դիտես համայնապատկերները, որպէսզի կարենաս լիովին ըմբոշխնել անոնց ստեղծագործական գեղեցկութիւնը։ Թերեւս պէտք է ուղղաթիռ մը վարձել եւ վերէն սաւառնելով՝ դիտել զանոնք . . .

Առ ի գիտութիւն նշեմ որ Տարիօ Կամպարինէ առաջ Աւստրիացի արուեստագէտ մըն ալ՝ Մէնֆրէտ Քլայնհօֆըև անունով, վարդ մը գծած է դաշտի մը վրայ որ կը գտնուի Էննս քաղաքի մօտերը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img