Յարութիւն Լեւոն Քեհէեան (9 Ապրիլ 1930, Աթէնք, Յունաստան — 17 Ապրիլ 2015, Երեւան, Հայաստան), հայ ֆութպոլիստ, յարձակող, կիսապաշտպան։ Մարզական վաստակաւոր վարպետ։ Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ։
Յարութիւն Քեհէեան ծնած է 1930 թուականին Աթէնքին մէջ։ 1946 թուականին հայրենադարձած է։ ԽՍՀՄ բարձրագոյն խումբը ելոյթ ունեցած է Երեւանի «Դինամո» (1949-1950 ) Մոսկուայի «Սպարտակ» (1955), Երեւանի «Դինամո (1960-1961, յետագային` «Արարատ» ) խումբերուն մէջ։ Երեւանեան խումբերու կազմերուն մէջ մասնակցած է 87 խաղի, դարձած 9 կոլի հեղինակ։ Եղած է ԽՍՀՄ գաvաթի 1954 թուականի եզրափակիչի մասնակից։ Ախոյեան եւ բաժակակիր Երեւանի «Արարատի» մարզական շտապի մէջ։ 1971-1973 թուականներուն ԽՍՀՄ փոխ-ախոյեան, ախոյեան եւ բաժակակիր Երեւանի «Արարատի» մարզական կազմին մէջ։ Յաջողութեամբ աշխատած է հանրապետութեան պատանեկան խումբերուն մէջ։ 1975 թուականէն եղած է «Հրազդան» մարզադաշտի տնօրէնը։