Ռուսաստանի Դաշնութիւնը արձանագրած է ՆԱԹՕ-ի երկիրներու զինուած ուժերու աշխոյժութեան աճ՝ Ուքրանիոյ եւ Սեւ ծովուն մէջ`Ռուսաստանի սահմաններու անմիջական հարեւանութեամբ: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ խօսնակ Մարիա Զախարովան, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:
Զախարովայի խօսքերով՝ Քիեւը կը շարունակէ նոր ուժեր ու զէնքեր բերել դէպի Տոնպասի հետ շփման գիծ:
«Միեւնոյն ժամանակ, ՆԱԹՕ-ի երկիրներու զինուած ուժերու աշխոյժութեան աճ նկատուած է Ուքրանիոյ տարածքին եւ Սեւ ծովուն մէջ` Ռուսաստանի սահմաններու անմիջական հարեւանութեամբ: Ուքրանիոյ տարածքին մէջ կը նախատեսուի 7 համատեղ զօրավարժութիւն` դաշինքի տարբեր երկիրներու մասնակցութեամբ»,-ըսուած է Զախարովայի մեկնաբանութեան մէջ:
Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ օտարերկրեայ պետութիւններու հետախուզական գործունէութիւնը Ռուսաստանի հետ սահմանի երկայնքով եւ Տոնպասի շփման գիծին զգալիօրէն աշխոյժացած է, եւ այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են թռչող սարքեր եւ ռատիոելեկտրոնային միջոցներ:
«Կը շարունակուի ՆԱԹՕ-ի երկիրներու կողմէ ուքրանական զինուած ուժերու նիւթական եւ տեխնիկական աջակցութիւնը, թռչող սարքերու մատակարարումը, արեւմտեան հրահանգիչներու կողմէ ուքրանական ռազմական անձնակազմի վերապատրաստումը»,-աւելցուցած է գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը: