Շաբաթ, 25 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Տեսանկիւն. Առ Որ Անկ Է

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Նկարին մէջի սարքը՝ մեքենացած դրամատունի յատուկ ATM ( automated teller machine) գերարդիական մեքենայ մըն է, որ «քաղաքակրթութեան» ճամբան բռնած մարդկութիւնը հնարած է քարայրէն իր դուրս գալէն հազարաւոր տարիներ ետք, «քաղաքակրթուած» մարդ արարածին դրամատնային աշխատանքները մեքենացած եւ արդիական կերպով կատարելու համար:

Նկարին մէջի սարքը իր նմաններուն մէջ գերարդիականն է, որ զետեղուած է Պէյրութի բարեկեցիկ մէկ շրջանին մէջ գործող դրամատան մը շեմին:

Սոյն սարքը, իր նմաններուն նման, մեզի առիթը կու տայ ունենալու ստացագիր մը մեր կատարած գործարքին մասին կամ դրամատան մէջ ունեցած մեր գումարին հաշուեկշիռը նշող հաստատագիր մը կը տրամադրէ մեզի: Կարեւոր է նշել, որ սարքը ծրագրաւորողը, բնութիւնը՝ նաեւ դրամատան համար անտեղի ծախս, խնայելու միտումով  ընտրութիւնը մեզի ձգած է տպուած հաստատագիր ունենա՞լ, թէ ստուգումը կատարել ուղղակի սարքին էքրանին վրայ:

Ըսածս ի՞նչ է. ո՜վ «քաղաքակիրթ» մարդկութիւն, ինչո՞ւ համար ձեր գործարքին աւարտին, ձեր անձնական կամ գործատեղիին արխիւին պիտանի տպուած հաստատագիր պիտի պահանջէք ունենալ, երբ տեղւոյն վրայ պիտի թափէք զայն, այն ալ՝ այս կերպով…:

Իսկ, որպէսզի ողբերգութիւնը ամբողջանայ, բացի գետինը շպրտուած դիմածածկին առկայութենէն, Էքրանին վրայ արաբերէն լեզուով պիտի կարդաք. «Մեր յոյսը մեծ է լիբանանեան դրամանիշին վրայ»…:

Ես չեմ գիտեր ընթերցողը նման յոյս մը ունի թէ ոչ, սակայն իմ կարգիս կրնամ ըսել, որ ես բնաւ յոյս չունիմ այս տրամաբանութեամբ ու վիճակով գործարք կատարող լիբանանցիներու մարդ տեսակին վրայ:

Ափսոս է Լիբանանը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img