Այսօր՝ 10 Ապրիլ 2021 կէսօրուայ ժամը 12:00-ին Երեւանի Խորենացի 15 հասցէին վրայ գտնուող «Էլիտ Պլազա» պիզնես կեդրոնի VIP suite սրահին մէջ (2-րդ յարկ) տեղի կ՛ունենայ «ԶԱՐԹՈՆՔ» ազգային քրիստոնէական նախաձեռնութեան ասուլիս-քննարկումը:
Ընթացքին կը ներկայացուի նախաձեռնութեան ստեղծման շարժառիթները, նախաձեռնութեան առաքելութիւնը, նախաձեռնութեան քրիստոնէական արժէքներու եւ ազգային ինքնատիպութեան վրայ հիմնուած հզօր պետութիւն (ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական եւ իրաւական) կայացնելու հիմնասիւները: Կը բացայայտուին նպատակները, նախաձեռնութեան պատկերացումները Արցախեան հարցի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այլ հարցերու վերաբերեալ: