Հակառակ ամէն միջոցառումներու, Լիբանանի տարածքին քորոնա ժահրը տակաւին կը մոլեգնի՝ Լիբանանի տարածքին երէկ արձանագրուեցան վարակին վերագրուած 43 մահուան դէպքեր, մինչ մէկ օրուայ մէջ գրանցուեցան 2500 վարակակիրներ:
Միւս կողմէն, Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ընթացք տրուած է Լիբանանի բանակային միաւորներու պատուաստումին: