Կիրակի, 16 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճանի Տուուչութեան Թեկնածու Հայր Սուրբերը Պաշտպանենցին Իրենց Թեզերը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ուրբաթ, 9 Ապրիլ 2021-ի Երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերու թեզերու պաշտպանութիւնը։

Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան ներկայացուց «Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ (Ապա Առաջնորդ)՝ Թորգոմ Արք. Գուշակեանի եւ Մամբրէ Ծ. Վրդ. Սիրունեանի (Ապա Արքեպիսկոպոս) Նամակագրութիւնները Սահակ Բ., Բաբգէն Ա. Կաթողիկոսներուն, Ինչպէս Նաեւ Կաթողիկոսարան Ընդհ. Փոխանորդներուն եւ Տեղապահներուն, Ինչպէս Նաեւ Վերոնշեալ Կաթողիկոսներուն Նամակագրութիւնները Եգիպտոսի Օրուան Առաջնորդներուն» արխիւային նիւթը, Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան՝ «Իսրայէլի Հետքերով (Ցեղ, Ազգ, Մշակոյթ Եւ Ինքնութիւն)», Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան՝ «Սուրբ Գրային Հակասութիւններ եւ Ուղղափառ Բանաձեւեր», Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան՝ «Չորս Տարիներ Գեհենի մէջ (Նահատակաց Յիշատակը Օրհնեալ Ըլլայ Յաւիտեան», Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան՝ «Սուրբ Գրային Յունարէնի Դասագիրք» եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան՝ «Յունաստանի Հայկական Եկեղեցիները»։ Նշենք, որ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին նիւթն է «Սուրբ Գրային Ու Կրօնաբարոյական Վերլուծումներ Եւ Ուսումնասիրութիւններ», իսկ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանինը՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասունքները». անոնք չկարողացան ժամանել Անթիլիասի Մայրավանք՝ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ համաճարակին հետեւանքով սահմանուած պետական օրէնքներուն ու արգելափակումներուն պատճառով։

Թեզերուն նիւթերը ներկայացնելէ եւ զանոնք պաշտպանելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց իր մատնանշումները ու թելադրանքները եւ տուաւ համապատասխան ուղղութիւններ։ Միաժամանակ ան իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատասիրութիւններուն գծով։

Աւարտին, առ ի գնահատանք Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեանին Մայրավանքէն ու Դպրեվանքէն ներս կատարած իր ծառայութեան, Վեհափառ Հայրապետը լանջախանչ կրելու իրաւունքը շնորհեց իրեն։

Յայտենք, որ  Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի տուուչութեան եկեղեցական արարողութիւնը պիտի կատարուի՝ Շաբաթ 10 Ապրիլ 2021-ին, Կիրակամտից Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, երեկոյեան ժամը 5։30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img