Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան մէջ Այսօր. Եղիա Տնտեսեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Եղիա Տնտեսեան (29 Մարտ (10 Ապրիլ) 1834, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն — 23 Ապրիլ (5 Մայիս) 1881, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ տպագրիչ։

Ծնած է Պոլիս (Օրթագիւղ թաղին մէջ)։ Զաւակն էր՝ դպիր եւ թարգմանչաց վարժարանի տնտես, Մկրտիչի ուրկէ մնացած է նոյն մականունը։ Իր նախնական ուսումը ստացած է նոյն թաղին ազգային վարժարանին մէջ, ուր այդ թուականին կը դասախօսէր Գրիգոր վարժապետ (յետոյ Օրթագիւղի Տէր Պօղոսը), ուրկէ կ’ուսանի նաեւ հայկական երաժշտութեան սկզբունքները։

1848–ին, հազիւ 14 ամեայ պատանի մը, աւարտած նոյն ատենի դպրոցական շրջանը, կը մտնայ Օրթագիւղի Արապեան տպարանը, իբր աշակերտ, ուր 4 տարի անընդհատ կը նուիրէ ինքզինքը հմտանալու համար տպագրական արուեստին նախնական գաղտնիքներուն։

Սակայն աւելի հրապուրիչ ու գեղեցիկ կ’երեւայ իրեն ուսուցչութեան ասպարէզը, որով 1852–ին թողելով տպարանը, կը պաշտօնավարէ ազգային վարժարանէն ներս։

1861–ին կը հրատարակէ իր առաջին երկը «Ծաղկաքաղ Կաթողիկեայց Թուղթերու Մեկնութեանց»։

Ազգային Սահմանադրութիւնը բովանդակ ազգին մէջ երկու հակահոսանքներ յառաջ բերած էր, խաւարեալներ ու լուսաւորեալներ։

Երիտասարդ ուժեր բնական բերումով պատկանելով այս վերջին հոսանքին կազմած էին անձնուէր ընկերութիւնը նպատակ ընտրելով իրենց ուսումն ու կրթութիւնը տարածել, ուսուցիչներ ղրկել գաւառները, լուսաւորել գաւառի մութ անկիւնները եւ այդ միջոցաւ տանիլ յաղթանակը ընդդէմ խաւարեալ հոսանքին։ Սոյն ընկերութիւնը բացի վերոգրեալ յայտնի նպատակէն ունէր նաեւ գաղտնի հեռաւոր նպատակներ, այնպէս որ իրաւամբ այսօր կարելի ենք համարել զայն իբր Հայոց առաջին դաւադրական ու յեղափոխական ընկերութիւնը։ Այս ընկերութեան գործունեայ անդամներն էին Ալիքսան Խօրասանճեան (ատենապետ), Գէորգ Զարդարեան, Եղիա Տնտեսեան, Յ. Գօլանճեան եւ այլն։

Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ’ըլլայ, իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն 1862-ի Յուլիսին։

Ռուս եւ թուրք պատերազմէն վերջ խստացած էր գրաքննութիւնը, որ սկսաւ խեթիւ նայիլ գլխաւորաբար մեր ազգային երգերուն եւ անոնց հաւաքածոներուն, ատոնց հրատարակիչներէն՝ Յ. Գավաֆեան եւ Ե. Տնտեսեան կը հետապնդուին, առաջինը կը փախչի Աթէնք, իսկ Եղիա ձերբակալուելով՝ եղեռնագործէ մը աւելի ծանր ամբաստանութեան տակ կը բանտարկուի 1881-ի սկիզբները։ Իր անյոյս զնդանին մահասփիւռ ու նողկալի մթնոլորտին մէջ հազիւ երեք ամիս կրնայ ողջ մնալ եւ 23 Ապրիլին կը կնքէ իր մահկանացուն։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img