Վերի նկարին ցուցանակին վրայ նշուած է «Green Card խաղարկութիւն»: Գովազդը երեւի կը պատկանի տարածքին մէջ գործող գրասենեակի մը, որուն գտնուած վայրին ուղղութիւնը ցոյց կու տայ գովազդին վրայի սլաքը:
Ինչպէս շատերուն ծանօթ է, ԱՄՆ ունի «բարի» սովորութիւնը տարեկան վիճակահանութեան խաղարկումով մը, որոշ թիւով ընտանիքներու կրին քարտ (ԱՄՆ-ի մէջ մշտական կեցութեան անձագիր) շնորհելու: Այս բանը, ի գործ կը դրուի մանաւանդ ոչ-զարգացած երկիրներու քաղաքացիներուն վրայ, որոնց երազն է հաստատուիլ ԱՄՆ: Ցաւալին այն է, որ որքան յուսահատ է տուեալ երկրի մը հասարակութիւնը, այնքան շատ են նշեալ խաղարկութեան դիմողները, որոնք յոյս ունին վիճակահանութիւնը շահելով թռչին դէպի «աւետեաց երկիր»:
Մինչեւ հոս անտրամաբանական բան չկայ եւ գովազդուածը տարիներէ ի վեր կը կիրառուի ամենուրէք:
Այս նկարին պարագան սակայն որքա՜ն տարբեր է, այնքան ալ ցաւալի, ինչու չէ՝ զայրացնող:
Նշեալ գովազդին ետին երեւցող հոյակերտ շէնքը ուրիշ կառոյց մը չէ՛, բայց Հայաստանի Հանրապետութեան Անձնագրային Եւ Վիզաներու Վարչութեան Դաւթաշէնի Անձնագրային Բաժանմունքի կեդրոնատեղին (ՕՎԻՐ): Այսինք, ա՛յն կեդրոնը, ուր սկզբունքով՝ օրինակի համար սփիւռքահայ մը եւ ոչ միայն, պէտք է այցելէ՝ դիմելու Հայաստանի քաղաքացիութեան կամ մշտական կեցութեան եւ կամ կատարելու նմանօրինակ գործողութիւններ…:
Մնացեալը ընթերցողը թող մեկնաբանէ…:
Այսօրուայ համար այսքան:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ