Ֆրանսական CMA CGM նաւային փոխադրման ընկերութիւնը պատրաստ է վերակառուցելու Պէյրութի նաւահանգիստը: Այս մասին յայտնեց ընկերութեան գլխաւոր պատասխանատուն, նշելով, որ իրենք պատրաստ են օգնելու Լիբանանին հակառակ քաղաքական անելին:
Օտար պետութիւններ եւ արդեն սեփական ընկերութիւններ աւելի մտահոգ են եւ պատրաստ ձեռք մեկնելու Լիբանանի ապագային համար, լիբանանեան իշխանութիւնները տակաւին կը մնան լուռ եւ ականջախուլ, մինչ երկիրը կը փլուզուի: