Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021-ին Կլենտէյլի Արցախ փողոցի հայկական սրճարանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Վարչապետի Աշխատակազմի «Հանրային Կապերի եւ Տեղեկատուութեան Կեդրոնի» Սփիւռքի բաժնի պատասխանատու՝ Լուսինէ Կարապետեանի եւ ՌԱԿ-ի Լոս Անճելըս պաշտօնաթերթ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի պատասխանատուներուն հետ։
Լուսինէ Կարապետեան իր պաշտօնի բերումով պատասխանատուն է նաեւ «Հայերն Այսօր» կայքէ՚ջին։
Այս կայքէ՚ջը հիմնուած էր եւ կը գործէր Սփիւռքի Նախարարութեան ներքոյ։
Հրատարակութիւնը աւելի ճոխացնելու եւ արդիականացնելու նպատակով այժմ պիտի հրատարակուի հանրային կապերի տեղեկատուութեան կեդրոնի կողմէ։
Տարիներ շարունակ «Հայերն Այսօր» կայքէ՚ջը Լուսինէ Աբրահամեանի խմբագրութեամբ, եղած էր Սփիւռքի մամուլին համար, հայրենիքի եւ աշխարհի հայութեան լուրերու աղբիւր մը։
Ուրախ եղանք գիտնալու թէ «Հայերն Այսօր» շատ սերտ եւ շահեկան կապեր պիտի ունենայ Սփիւռքի բոլոր լրատուական միաւորներուն հետ, այսպէսով այս կայքէ՚ջը պիտի ըլլայ հայրենիքի լուրերը Սփիւռքին եւ Սփիւռքի լուրերը հայրենի ժողովուրդին ներկայացնելու ամուր կամուրջը։
Մեր ընկերներն ալ Հ.Հ. «Սփիւռքի բաժնի պատասխանատու՝ Լուսինէ Կարապետեանին խօսեցան 99 տարիէ ի վեր ԱՄՆ Արեւմտեան Ափերուն վրայ լոյս տեսնող «Նոր Օր»ի ազգային եւ հայրենասիրական ուղղութիւնը եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին «Նոր Օր»ի եւ «Հայերն Այսօր» կայքէ՚ջի միջեւ սերտօրէն գործակցելու, մանաւանդ որ այս օրերուն մեր թերթի ժրաջան խմբագիրը՝ Անահիտ Կօշկարեան ինք եւս Հայաստան կ՚ապրի եւ հոնկէ կը խմբագրէ «Նոր Օր»ը։ Մեր խմբագրի հասցէն եւ հեռաձայնի թիւերը փոխանակելով վերջ գտաւ այս իրապէս շահեկան հանդիպումը։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ