Շաբաթ, 22 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեանի Չորրոդ Գիրքը Նուիրուած՝ Իրաքահայերու Արդի Պատմութեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Մեծագոյն ուրախութեամբ ստացայ եւ հաճոյքով կարդացի ծնունդով եւ հոգիով իրաքահայ՝ ճարտարագէտ՝ Համբարձում Աղպաշեանի արաբերէնով գրուած 420 էջնոց գիրքը, նուիրուած՝ Իրաքահայերու Արդի Պատմութեան։

Այս շքեղ հատորը լոյս տեսած է Մարտ 2021-ին, Կլենտէյլի Սարգիս Թօփալեանի Երեւան մեծանուն հրատարակչատուն/տպարանէն։

Մեղրահամ եւ շատ ճոխ արաբերէնով գրուած այս հրատարակութիւնը առաւելաբար Իրաքի ժողովուրդի համար է, Իրաք ապրող հայութեան Արդի Պատմութեան վրայ լոյս սփռելու նպատակով, եւ մեր ժողովուրդի նորահաս արաբերէն կարդացողներուն ալ, անոնց ծնողներու պատուաբեր պատմութիւնը ներկայացնելով։

Համբարձում Աղպաշեանի ծնած է 1948-ին Պաղտատ։ Աւարտած է Պաղտատի համալսարանի ճարտարագիտական բաժինը 1969-ին։ Հետեւած է անգլերէն լեզուի եւ քաղաքագիտութեան դասընթացքներուն։

Համբարձում Աղպաշեանի այս գիրքն ալ նախկիններուն նման ձօնած է իր թանկագին զէյթունցի հօր՝ Մինաս Կարապետ Աղպաշեանի քաղցր յիշատակին, հեղինակին առաջին երկու գիրքերը անգլերէնով լոյս տեսած են 2015-ի եւ 2017-ին  հարիւր թուրք մտաւորականներ ներկայացուցած է, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են, իսկ երրորդ գիրքը լոյս տեսաւ 2016-ին Յուշամատեան Իրաքի ՀԲԸՄիութեան (1911-1921), որ հայերէնով գրուած է, երեք լեզուներով գրուած չորս հատորներն ալ գրաշարուած են նոյնինքն հեղինակին կողմէ։

Այս չորս հատորներն ալ իրենց բովանդակութեամբ եւ ներկայացմամբ հոյակապ գիրքեր։ Այս գիրքին մէջ 525 նկարներ, չորս տարիներու օրական երկար ժամերու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքն է այս հատորը։

Որպէս յառաջաբան եւ սրտի խօսք գրուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ, Գերագոյն Խորհուրդի անդամ՝ Գերշ. Վահան Արք. Յովհաննէսեանի երախտիքի խօսքը։ Իրաքահայ Սրբազան Հայրը ջերմ խօսքով մը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Իրաքի ազնիւ ժողովուրդին, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդին գրկաբաց ընդունեց, անոնց տուն, տեղ եւ ապաստան տուաւ։ Սրբազան Հօր խօսքը կը վերջանայ շատ յուզիչ արտայայտութեամբ ըսելով. «Շուքրան լաքա եա Իրաքանա ալ հապիպ» շնորհակալութիւն սիրելի Իրաք։

Իսկ գիրքի նախաբանը գրած է Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքի Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դոկտ. Սէլուան Սանճարի, որ մեծապէս գնահատելով հայութեան ներկայութիւնը Իրաքի կեանքէն ներս, սրտանց շնորհաւորած է Համբարձում Աղպաշեանը այս շահեկան հատորին համար։

Հատորը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր բաժիններէ։ Առաջին բաժինը ունի 9 ենթաբաժիններ հոն կը կարդանք պատմական ակնարկ մը հին ժամանակներէ իվեր Իրաք ապրողներու պատմութեան մասին, մեծ Եղեռնէն ետք Իրաք հաստատուած հայերու մասին, անոնց աստիճանաբար տուն, տեղ, ընկերային կեանքի բարգաւաճման դրուագներու տեղեկութիւններ, Հայց. Առաքելական, Հայ Աւետարանչական եւ Կաթողիկէ յարանուանութեանց մասին, կրթական, մշակութային ակումբներու, հրատարակչական, մամուլ, հայրենադարձութեան մասին եւայլն։

Երկրորդ բաժինը ունի 6 ենթաբաժիններ կամ գլուխներ, ուր ձեւով մը կը ներկայացնէ հայոց բերած նպաստը Իրաքի կեանքէն ներս։ Այս բաժինով կը տրուին հայերուն արհեստաւորներ, մտաւորականներ, բժիշկներ, ճարտարագէտներ, գործարաններու տէրեր եւ Իրաքէն դուրս իրաքածին հայերու երեւելի դէմքերը եւ գիտնականները։

Այս հատորը ձեւով մը իրաքահայ գաղութի վերջին հարիւր տարիներու համայնագիտարանն է։ Ամէն ինչ որ կ՚ուզենք իրաքահայ գաղութի մասին, հոն կը տեսնենք զանոնք։

Արդարեւ այս գիրքը կարդալով մեր հիացական տպաւորութիւններուն ջերմաչափը սնդիքի նման արագօրէն կը բարձրանայ, այդքան հարուստ տեղեկութիւններ, անուններ մէջբերուած աղբիւրներէ եւ մէջբերումներ կարդալով։

Արդարեւ այս գիրքը կարդալով, ոչ միայն Իրաքի մէջ, այլ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայերը ուր որ գացին, ուր որ կայք հաստատեցին Իրաքի ազնիւ ժողովուրդի նման ընդունուեցան ապրած երկիրներու ժողովուրդներուն եւ իշխանութեանց կողմէ։ Հայը իր աշխատասիրութեամբ, նուիրումով, ընտանեկան սրբութիւնները պահող ժողովուրդ, իրաւունք ունի հպարտանալու եւ ըսելու.

«Եւ ինչո՛ւ պիտի չհպարտանանք

Կանք պիտ լինենք եւ դեռ շատանանք»։

Պ.Ս.

Համբարձում Աղպաշեանի այս գիրքը իր բովանդակութեամբ եւ դասաւորուած նիւթերով կրնայ օրինակ դառնալ միւս ուրիշ գաղութներու պատմութիւններ գրի առնելու համար։ Մենք 1975-ին նման աշխատանք մը տարած ենք Արժանթինահայ գաղութի պատմութիւնը գրելով, որ լոյս տեսաւ «Նոր Օր» թերթին մէջ 1976-ին եւ պահուած է ՀԲԸՄիւթեան Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկին արխիւներուն մէջ։ Այդ տարիներուն “Google” չկար։ Իսկ հիմա Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեանի այս գործը հիանալի աշխատանք մըն է, որ արժանի է ամէն գնահատանքի։

Գրիչդ դալար, քաջառողջութեան եւ նորանոր հրատարակութիւններու, սրտագին մաղթանքներով կ՚ըսենք, վարձքդ հազար կատար ըլլայ մշակ բարի եւ յարգարժան։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img