ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ապրիլ 13, 1975-ին, Եասէր Արաֆաթ ֆուլ ուտելու հրաւիրած էր լիբանանեան բոլոր ազդեցիկ ղեկավարները: Խօսելու բաներ կային (…): Պատուաւոր հիւրերու ցանկին մէջն էին ինչպէս բարեկամ ու դաշնակից, նոյնպէս եւ հակառակորդ ու թշնամի համարուած բոլոր կողմերուն ներկայացուցիչները` իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներէն, “աջ”էն ու”ձախ”էն: Բարեկամական ոգի եւ մտերմիկ մթնոլորտ խթանելու ակներեւ մտադրութեամբ, Ապու Ամմար (Այս անունով ծանօթ էր Արաֆաթի զինեալ պայքարի իր կեանքին մէջ -խմբ) վարձել տուած էր օթօպիւս մը, ձեռնարկին հաղորդելու համար փիքնիքի մը երթալու զուարթութիւնը (…):
Օթօպիւսը մէկ առ մէկ, խումբ առ խումբ հաւաքեց հիւրերը իրենց տուներէն եւ ակումբներէն: Աթոռներուն բաժանումը եղած էր այնպէս, որ օթօպիւսին մէջ յանկարծ անհարկի վէճեր կամ անհամութիւններ չծագին. այդպէս, օրինակ, Ժըմայէլ եւ Շամուն, իրենց զաւակներով եւ մօտիկ գործակիցներով նստած էին աջ կողմը, Ճոմպլաթն ու որդին, Մուրապիթունի եւ ԱՄԱԼի ղեկավար տղաքը, քաումիներն ու համայնավարները նստած էին ձախին, ամենայարգուածները` առաջնակարգ աթոռներուն, նուազ անուանիները` յետին շարքերուն: Բոլորը միասին` 30 անուանիներ, իրենց գործակիցներով: Բացակայ էր միայն ԱԱ` հայոց կողմէ:
Ապու Ամմար անձամբ յանձն առած էր մթնոլորտը ջերմ պահելու պարտականութիւնը: Ան նստած էր անմիջապէս վարորդի կողքի անհատական աթոռին վրայ, որմէ մերթ ընդ մերթ կը բարձրանար` սրամտութիւն մը կատարելու համար: Սակայն կարծես սառոյցը տեղէն չէր շարժեր: Փորձառու յեղափոխականը այդ ալ նկատի առած էր: Դեռ բաւական ճամբայ կար հասնելու ֆուլի ճաշարանը` Սապրա գաղթակայանին մէջ:
Յանկարծ Ապու Ամմար աթոռին տակէն հանեց տըմպըլլէքը (տըրպաքքէն) եւ անմիջապէս սկսաւ թրմփացնել նուրբ կաշիին վրայ, ու երգել Ֆէյրուզի “Ա’ա հատիրիլ պոսթա” հանրայայտ երգը: Պարզ էր, որ այդ երգով կ’ուզէր փափկացնել ու հանգստացնել ժըմայէլներուն, Շամուններուն եւ ընկերակիցներուն սրտերը: Կարծես հնարքը օգնեց: Դէմքերը պարզուեցան, ոմանց վրայ նոյնիսկ ժպիտ իջաւ:
Ապու Ամմար քաջալերուած էր. ան աւելի բարձրացուց ձայնը, ոմանք սկսան ծափերով ընկերանալ: Մթնլորորտը յայտնապէս թեթեւցած էր եւ օրը կը խոստանար հաճելի եւ թերեւս նաեւ օգտակար ֆուլկերոյթ: Օթոպիւսը արդէն կ’անցնէր Այն էլ Ռըմմենէի մէջէն…Յանկարծ կրակահերթեր հնչեցին. կրակահերթերը կատաղի փութկոտութեամբ եւ առատութեամբ իրար յաջորդեցին. թիրախը օթօպիւսն էր: (Ովքեր էին կրակողները, ինչ կողմի մարդիկ, ծրագրուած բան մըն էր թէ թիւրիմացութեան մը, պատահականութեան արդիւնք…չեմ գիտեր. տեղեկութիւններ չպարզուեցան այդ մասին:)
Վայրկեանի մը մէջ վայրը վերածուած էր արեան բաղնիքի: Օթոպիւսի կողքերը ինկած էին դիակներ: Պատուհաններէն կախուած էին արիւնլուայ գլուխներ: Բոլոր երեւելիները սպանուած էին, ոմանք իրար վրայ ինկած` “աջ”էն ու “ձախ”էն: Բոլորը. այսինքն անոնք, որ յետոյ, իրական պատմութեան մէջ, պիտի դառնային քաղաքացիական պատերազմի իշխաններ ու կնքահայրեր…Անվնաս մնացած էր միայն Ապու Ամմարի տըրպաքքէն, որ դանդաղ կը գլորուէր արիւններուն ու դիակներուն մէջէն:
Անիկա մինչեւ այսօր կը գլորի մեր յիշողութեան մէջ` հնչուն պահելով զարկերը թնդանօթներուն, հրթիռներուն ու տարբեր տրամաչափի զէնքերուն, թաղման ողբերուն եւ վիրաւորուածներու լացերուն, որոնք կրնային խնայուիլ եթէ պատմութիւնը ըլլար այնպէս, ինչպէս ես վայրկեան մը երեւակայեցի: