Պօղոս Քալանթարեան (Արաքսեան , 22 Մայիս 1869, Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն — 29 Օգոստոս 1918 կամ 26 Օգոստոս 1918, Թիֆլիս, Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն), վաստակաշատ դերասան։
Ծնած է Երեւան։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած՝ Թիֆլիսի ռէալական ուսումնարանէն ներս, ապա՝ 1879-ին ձգելով ուսումնարանը, Փեթերսպուրկի համալսարանէն ներս կը շարունակէ ուսումը։ 1886-ին Կովկաս վերադառնալով կը սկսի ծառայել այլ եւ այլ տեղեր, միեւնոյն ժամանակ մէկ-մէկ բեմ կը բարձրանայ, որպէս՝ սիրողական։ Առաջին անգամ կը դերասանէ «Քանդած Օջախ»-ի մէջ Գիժ-մոզու դերը, որով ի յայտ կու գայ դերասաննելու կարողութիւնը։ Արաքսեան շուտով, որպէս դերասան՝ կը սկսի խաղալ։
1889-ին կ՛ընդունուի Թիֆլիսի «Հայ դերասանական խումբ»էն, որուն միակ յաջողութիւնը Պեպօ-ն էր (ինքը Կակուլի)։ Արաքսեան յայտնի է, որպէս լաւ «ռեժիսոր» եւ շատ անգամ, թէ՛ դերասաններու եւ թէ՛ սիրողականներու, խումբեր պատրաստած է եւ որ գլխաւորն է՝ անփորձ սիրողականներ պատրաստել բեմի համար։
1903 թուականին Արաքսեան Տփխիսի (Թիֆլիս) մէջ սեփական թատրոն կը հիմնէ եւ այդպիսով սկիզբ կը դնէ՝ հայերէն ժողովրդական ներկայացումներուն։ Արաքսեան դերասանած է Կովկասեան գրեթէ բոլոր մեծ ու փոքր քաղաքներուն մէջ եւ յայտնի է որպէս «կուպլետիսա»։