Շնորհաւորագիր
«Ժամանակները կը փոխուին նոյնպէս եւ առաջնահերթութիւնները»: Սոյն ասացուածքը լաւապէս ընկալած ՀԲԸՄիութիւնը այսօր դարձաւ 115 տարեկան:
115-ամեայ միշտ երիտասարդ ՀԲԸՄ-ի այսօրուայ ղեկավարութիւնը, հաւատարիմ իր ժառանգած վեհ առաքելութեան, իր ժամանակակից գործունէութեամբ կը հաստատէ, որ հպարտ է իր Միութեան անցեալի իրագործումներով, իրապաշտօրէն կ՛արժեւորէ ներկան եւ ըստ այնմ կը ծրագրէ ապագան, կողմնացոյց ունենալով Հայ Ժողովուրդին դիմագրաւած նորօրեայ առաջնահերթութիւնները:
ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան շրջանին Հայ ժողովուրդին համար առաջնահերթութիւնները կ՛ընդգրկէին օժանդակութեանց մատակարարում Հայ գիւղացիին, բարեսիրական ձեռք մեկնել հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Ազգային ազատագրական պայքարի տարիներուն ՀԲԸՄ չվարանեցաւ նեցուկ կանգնիլ այդ նպատակին համար կազմաւորուած Հայկական Լէգէոնին: Ապա, Հայոց Ցեղասպանութեան հրէշային գործողութիւններէն յառաջացած որբերուն խնամք տանիլն էր ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը փորձելով փրկել Հայ ժողովուրդին աշխարհացրիւ բեկորները: Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին Կիլիկիոյ անկախութեան հռչակումին նեցուկ կանգնիլը հանդիսացաւ նոր առաջնահերթութիւն, ապա շրջանի նոր քարտէսաւորման ընթացքին ՀԲԸՄ-ի նախագահի աշխոյժ մասնակցութիւնն էր պէտք գլխաւորելու միջազգային համաժողովներու մասնակցելու գործուղուած «Ազգային Պատուիրակութիւն»ը: Աւելի ուշ պէտք էր կազմակերպել Հայ մատղաշ սերունդին ֆիզիքական նաեւ մտային առողջութիւնն ու դաստիարակութիւնը: Հետեւաբար մեր Մեծ Միութեան առաջնահերթութիւնը հանդիսացաւ իր հովանաւորած ՀԵԸ-ին միջոցաւ զարկ տալ սկաուտական եւ մարմնակրթական շարժումին ինչպէս նաեւ դպրոցաշինութեան: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին «Սասունցի Դաւիթ Զօրասիւն»ը հանդիսացաւ Հայրենիքին ծառայելու իր կրծքանշանը: Հուսկ, շուտով՝ դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթի կազմակերպումը հանդիսացաւ ՀԲԸՄ-ի առաջնահերթութիւնը: Եւ այսպէս շարունակաբար մինչեւ Սպիտակի երկրաշարժ, մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գ. Անկախութիւն եւ Արցախի ազատագրում, Հայրենիքի պէտքերը հանդիսացան ՀԲԸՄ-ի առաջնահերթութիւնները: Յետ սովետական շրջանի եկեղեցաշինութիւնը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ Մայր Աթոռին զօրավիգ ըլլալը իր հին ու նոր առաջնահերթութիւնը հանդիսացաւ: Հայ Սփիւռքը, ի մասնաւորի Մերձաւոր Արեւելքի հայկական խոցելի համայնքները իրենց արհաւիրքի օրերուն ՀԲԸՄ-ը միշտ ունէին իրենց որպէս հենարան: Իսկ այսօր երբ Հայրենիքը կ՛ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամենամռայլ օրերը, ՀԲԸՄ դարձեալ զինուորագրուած նոր առաջնահերթութիւնները դիմակալելու ազգային պարտականութեամբ, իր կոչերով, կուռ կեցուածքներով եւ գործունէութեամբ չի զլանար ազդու մասնակցութիւն ունենալ Հայ ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ՝ մարդկային քաղաքակրթութեան կերտումին պարտադրած կարիքով:
Շնորհաւոր 115-ամեակ ՀԲԸՄ-ին: Փառք ու պատիւ մշտանորոգ առաջնահերթութիւններու ռահվիրա Մեծ Միութեան ու անոր տեսլապաշտ ղեկավարութեան:
15 Ապրիլ 2021