Հըզպալլա իր ընկերային ծառայութեան համակարգը զօրաշարժի ենթարկած է կանխելու համար Լիբանանի տնտեսութեան հաւանական ամբողջական փլուզումին արհաւիրքները: Կազմակերպութիւնը իր համակիրներուն ու շրջապատին համար պատրաստած է ուտեստեղէնի դեղորայքի եւ վառելանիւթի նպաստի յատուկ քարտեր: Այս լուրը կը հաղորդէ Reuters:
Հըզպալլա այս քայլին դիմած է առաջնորդուելով առկայ իրավիճակէն, որ կը սպառնայ անօթութեան մատնել լիբանանցին, ներառեալ անշուշտ Հըզպալլայի անմիջական շրջանակը կազմող շիաա համայնքը:
Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն լուրը շեշտելով, որ իրենց նախաձեռնութիւնը պիտի գայ ամբողջացնելու պետական նպաստները, կանխելու համար երկրի տարածքին յառաջանալիք հաւանական սովի եւ ընկերային անապահովութեան երեւոյթը եթէ իրավիճակը եւ տնտեսական սեղմումները այսպէս շարունակուին: