Քառասուն օրեր անցած են եւ տակաւին դժուար է հաշտուիլ տոքթ. Քէշիշեանի
վաղաժամ կորուստին հետ։
Իր կեանքի արագընթաց երթին առաջին հիմնական հանգրուանը եղաւ բժշկական կազմաւորումը` Երեւանի պետական համալսարանին մէջ , որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1993 ին որպէս սրտի հիւանդութեանց մասնագէտ։
Լիբանան վերադառնալով, Տոքթ. Քէշիշեան գործեց բազմաթիւ հիւանդանոցներու մէջ, որոնց շարքին Տահր ըլ Պէշըք պետական հիւանդանոցը ուր հետագային նշանակուեցաւ բժշկական տնօրէն։Ժողովուրդին հետ մշտական կապի մէջ էր դարմանատուներու ճամբով`Հայ Կաթողիկէ Նարեկի Տիրամօր դարմանատուն , Լ.Օ.Խ.-ի “Արաքսի Պուլղուրճեան” ընկերաբժշկական կեդրոն ուր հետագային վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնեց։
Ան գործօն անդամ էր Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան 1994էն իվեր ,մասնակից ձեռնարկներուն` դասախօսութիւններ, Սենտիքայի ընտրութիւններ ,հանրութեան ուղղուած բժշկական յայտագիրներ( ATN հեռատեսիլիի կայանէն եւ Վանայ Ձայնէն)։
Երբ վարչութիւնը նախաձեռնեց ներքին դասախօսութիւները կատարելու միութեան անդամներու կողմէ, ան առաջին ընդառաջողներէն էր։
Ան գործօն մասնակցութիւն բերաւ ընդհանուր անդամական ժողովներու։
Ան յաջորդական 6 տարիներ մաս կազմեց վարչութեան որպէս խորհրդական եւ ապա որպէս գանձապահ` պատասխանատուութիւն մը զոր կատարեց ամենայն բծախնդրութեամբ։
Ան որպէս վարչական իր մասնակցութիւնը բերաւ 2005 ին լոյս տեսած Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան 5 րդ հասցէագիրքին պատրաստութեան ։
Իր բժիշկի ասպարէզի կողքին, ան ունեցաւ հանրային կուսակցական ծաւալուն գործունէութիւն ( Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ աղքատախնամ միութիւն,
Մարաշի Հայրենակցական Միութեան վարչութիւն ,Քորոնա Ժահրի ճգնաժամի շտապ)։ 2016 ին ան ընտրուեցաւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ ստանձնեց առողջապահական յանձնախումբին ատենապետութիւնը։
Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան միշտ տպաւորած էր իր աշխոյժ գործունէութեամբ եւ
անմիջականութեամբ։ Քննական միտք ունէր եւ իր ոճը ունէր`առանց դարձուածքի անկեղծօրէն իր տեսակէտը արտայայտելու։Ան իր դրոշմը ձգեց այն բոլոր մարզերուն մէջ, ուր ան գործեց։
Պատնէշի վրայ մնալու իր անձնական օրինակը լաւագոյնս կը ցոլացնէր բժշկական
խաւին յանձնառութիւնը եւ նուիրումը`Քորոնա ժահրի մահասփիւռ համաճարակին դէմ յանդիման։
Ափսոս որ մահը խլեց զինք 58 տարեկան հասակին երբ տակաւին շատ տալիք ունէր։
Յարգանք յիշատակիդ
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ