ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Պատերազմին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ բարձրումիջինուցածր զինուորականներու եւ այլ անձերու դաւաճանութեան մասին բոլոր խօսակցութիւնները առայժմ կը պատկանին ենթադրութիւններու ոլորտին: Այդ մասին առայժմ շօշափելի փաստեր չկան: Սակայն կայ յստակ մէկ փաստ` շատ մեղքերու շարքին Նիկոլի աններելի մէկ մեղքին մասին, որ արձանագրուեցաւ պատերազմի աւարտին, որ մինչեւ հիմա կը շարունակուի եւ որ ամենավտանգաւորն է իր բնոյթով եւ հետեւանքներով. այդ ալ այն է, որ Նիկոլը չընդունեց իր եւ իր կառավարութեան պարտութեան փաստը, եւ “մենք”ի անունով հանդէս գալով, պարտութիւնը անարդարօրէն, անխղճաբար, անառակաբար, հայատեացաբար եւ հակապետականօրէն ձգեց, որ բարդուի Պետութեան` Երկրին ու Ժողովուրդին վրայ:
Այսօր Հայ Պետութիւնը եւ ամբողջ Ազգը կը տառապին այդ մղձաւանջին մէջ, Նիկոլի ստեղծած դժոխքին մէջ, տուայտելով Մեղքի, Յանցազգացողութեան, Անկարողութեան, Ինքնաատեացութեան, Ինքնախարազանման եւ Ամօթի ապրումներուն մէջ, որոնց հետեւանքները աւելի ծանր են քան հողային, ու, թող ներեն ինծի զոհերու հարազատները, մարդկային կորուստները: Ամէն նախադասութեան հետ, ցուցահանելի այլ երեւոյթներ կու գան միտքս, սակայն պիտի ընդհատեմ ակնարկս, եզրակացնելով` կարճ ձեւակերպուած — Նիկոլին չպէտք է թոյլ տալ հրաժարական ներկայացնել մինչեւ վարչապետի պաշտօնով չընդունի իր կառավարութեան ձախողութիւնը եւ պատրաստակամութիւն չյայտնէ պատասխանատուութեան ենթարկուելու ձախողումներուն համար:
Ծանր պիտի ըլլայ Հայաստանի վիճակը, եթէ անգամ Նիկոլը պարտուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն, սակայն եւ մեկնի` առանց նման յայտարարութիւն կատարելու. իսկ եթէ յաջորդ վարչապետը (եթէ նոր մը պիտի ըլլայ) շարունակէ նման լռութիւն, ապա ատիկա պիտի ըլլայ աններելի յանցանք` ընդդէմ Պետութեան, ընդդէմ Ժողովուրդին եւ անոր Ներկային ու Վաղուան:
Հայ ազգը չպէտք է թոյլ տայ, որ նման բան պատահի: Նման բանը վերջնականապէս պիտի սպանէ Վերականգնումի, Ապաքինման եւ Պետութեան Կեանքի Յոյսը, եթէ դեռ բան մը մնացած է անորմէ: Անիծեալ մնան Նիկոլն ու իր կառավարութիւնը, մինչեւ այն օրը երբ մեղայի գան Պետութեան եւ Ազգին…սիրոյն: Միայն այդ ժամանակ է որ քաղաքացիները կրնան սկսիլ սթափ մտածել իրե’նց պատասխանատուութեան մասին` Ամօթի, Ինքնախարազանման, Վախի, Անկարողութեան եւ ՈՒրացումի բարդոյթներէն կամաց կամաց ձերբազատուելով: