Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը Այսօր Կը նշէ իր 115-ամեակը
ՀԲԸՄ հիմնադրուած է Եգիպտոսի մայրաքաղաք՝ Գահիրէի մէջ՝ 1906-ին Եգիպտոսի վարչապետ Նուպար փաշայի որդւոյն՝ Պօղոս Նուպարի եւ իր խումբ մը յայտնի եւ հեռատես գաղափարակիցներուն կողմէ, որոնք կը մտածէին այս հաստատութեան միջոցաւ օգնելու, ապաստանելու եւ կրթելու Հայ անօթեւան սերունդներուն եւ որբերուն սիրով եւ բարի օրինակով:
Անոք, որոնք անցած են ՀԲԸՄ-ի տուներէն՝ ապաստան ստացած են: անոնց հետ այնտեղ վերաբերած են որպէս մարդ արարած եւ պահպանուած ու դաստիարակուած են որպէս իրենց ազգային աւանդոյթներուն, իրենց մշակոյթին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին հաւատարիմ հայեր:
Այսօր ՀԲԸՄ-ը, հպարտանալով իր անցեալով եւ ներկայով, այլեւս որբերու եւ փախստականներու տուն չէ, այլ՝ ան համահայկական հաստատութիւն մըն է, որ կ՛աջակցի ամբողջ Հայ ժողովուրդին`թէ՛ սփիւռքի, եւ թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի մէջ:
ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնը Սուրբ Էջմիածնայ Մայր Աթոռին սատարելու գործին մէջ ունի արժէք, որ կը գերազանցէ թիւերը, քանի որ անոր տեսլականը նախագծելն է Հայրենիքի եւ ամբողջ ազգի փառաւոր ապագան:
15 Ապրիլ 2021