Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու մեկնարկը կատարուեցաւ Զահլէի մէջ:
Արդարեւ Շաբաթ 17 Ապրիլ 2021-ին, Լիբանանի եւ ի մասնաւորի Պէքաայի շրջանի կրօնական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդը բացումը կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նորակառոյց յուշակոթողին, որ կանգնած էր տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցուոյ շրջափակին մէջ:
Յուշակոթողը կառուցուած էր Զահլէի հայ համայնքի ազգային, եկեղեցական, կուսակցական եւ միութենական մարմիններուն, միացեալ ճիգերով:
Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին ՌԱԿ -ը ներկայացուց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ՌԱԿ-ի տեղւոյն կառոյցին ատենապետ՝ ընկ. Գրիգոր Մկըրեանը: ՀԲԸՄ-ը ներկայացուց Լիբ. պետական նախկին երեսփոխան Շանթ Չինչինեանը իսկ ՀԵԸ-ը Ճորճ Տէյիրմէնճեանը:
Վարձքը կատար բոլորին, ի մասնաւորի ՌԱԿ Զահլէի Ազատ Լեռ ակումբի անդամներուն գլխաւորութեամբ իրենց ատենապետին՝ ընկ. Գրիգոր Մկըրեանին, որուն վաստակը մեծ է Զահլէի հայ համայնքին պատիւ բերող սոյն հայաշունչ կոթողին պատրաստութեան մէջ: