Կիրակի, 26 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Արուեստի Բացառիկ Փառատօն

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Մայիս 9, 2021-ին կէսօրուայ ժամը 12։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։00, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ յիսունէ աւելի հայ մեծանուն նկարիչներու արուեստի բացառիկ գործերու բացօթեայ ցուցահանդէս-վաճառք մը։

Մեր համայնքի պատմութեան մէջ նման տարողութեամբ եւ որակաւոր նկարիչներու, մէկ տեղ նկարչական ցուցահանդէս մը չենք ունեցած այս քաղաքին մէջ։

Արուեստագէտներու եւ կազմակերպիչ միութեան պատասխանատուներուն փափաքն է, որ այս ցուցահանդէս-վաճառքէն մէկ մաս մը պիտի նուիրուի հայրենիքի Զինուժի հզօրացման համար։

Այս աննման ձեռնարկը կազմակերպուած է Լոս Անճելըսի մէջ երեք տարիէ իվեր գործող «Հայ-Ամերիկեան Արուեստի Միութեան» կողմէ, որուն արժանաւոր հիմնադիրը եւ նախագահն է՝ ողջ ԱՄՆ-ի տարածքին ապրող հայութեան քաջ ծանօթ, բազմաբեղուն արուեստի գործիչ, գրող, բանաստեղծ եւ մտաւորական գիւմրեցի Ռուբէն Գասպարեանն է, որ ծանօթ է «Գուրպան» անունով։

Մեր սիրելի  «Գուրպան»ին 27 տարիէ իվեր ծանօթ ենք, Հայաստանէն Լոս Անճելըս հասնելուն պէս տակաւին տուն տեղ եւ գործ չգտած՝ կազմակերպել սկսաւ մշակութային եւ արուեստի նուիրուած բարձր մակարդակի ձեռնարկներ, այսպէսով անմիջապէս արժանացաւ Լոս Անճելըսի հայութեան սիրոյն եւ գնահատանքին։ Այդ գործերուն մէջ իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցաւ իր տիկինը Տիկին Էլմիրա Գասպարեանը, 17 տարի այս համայնքին մէջ իր հեռատեսիլի «Ուրախ Գիւմրի» յայտագիրով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր մեր ազգային եւ մշակութային կեանքին մէջ։

Տէր եւ Տիկ. Ռուբէն եւ Էլմիրա Գասպարեաններու, բառին իսկական իմաստով օրհնութիւն մը եղան մեր համայնքի մշակութային կեանքին մէջ։ Անոնց միջոցաւ բազմաթիւ հայրենի արուեստագէտներ հրաւիրուած են Լոս Անճելըս, իրենց տաղանդներով խանդավառելու համար մեր համայնքը։

Հայաստանի, Գիւմրիի եւ Արցախի մեծ թիւով մտաւորականներ հիւրընկալուած են իրենց ջերմ ու սիրալիր ընտանիքի մօտ։

Ահա «Հայ-Ամերիկեան Արուեստի Միութիւնը», որ երեք տարիներու ընթացքին տասէ աւելի մշակութային եւ արուեստի փառաշուք ձեռնարկներէ ետք, այս անգամ ալ Կիրակի, Մայիս 9-ին նման արուեստի հրավառութիւն մը պիտի կազմակերպէ։ Միութիւնը ունի 200-է աւելի արուեստագէտ անդամներ։

Սիրով կը հրաւիրուի մեր ժողովուրդը իր հայ եւ ոչ հայ ծանօթներով եւ ընկերներով, ներկայ ըլլալու այս շքեղ ցուցահանդէսին։ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնը վայելելու համար արուեստագէտներու բարձրորակ նկարները։

Մուտքը ազատ է։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img