Շաբաթ, 22 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Խմբագրական. Ճշմարտութիւնը Անժամանցելի Է

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

106 տարիներ անցած են այն օրէն երբ արիւնարբու թրքական պետութիւնը Հայ ժողովուրդին հանդէպ իրականացուց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:

Հակառակ պատահածին ահաւորութեան, Հայ ժողովուրդը իր կամքով եւ վճռականութեամբ կառչած մնաց կեանքին:

Հարիւր եւ վեց տարիներ անցան սակայն թրքաբարոյ ահաւոր ոճիրին պատկերները տակաւին կենդանի են, ցաւոտ ու խորունկ:

Մեր դատը արդար դատ է, որուն համար ժամանակը ազդակ մը չէ: Ան պիտի շարունակէ տրոփել իւրաքանչիւր հայու խիղճին եւ հաւաքական յիշողութեան մէջ այնքան ատեն, որ ոճրագործը չընդունիր իր արարքը եւ չի փոխհատուցեր պատճառած նիւթական, բարոյական եւ հոգեբանական կորուստին համար: Մենք կը հաւատանք, որ ճշմարտութիւնը չի մեռնիր, որքան որ փորձուի զայն ծածկել կամ մոռացութեան մատնել: Թող, որ մօտիկն ու հեռաւորը լաւ հասկնան, թէ մեր դատը անժամանցելի է:

Պատահական չէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը համընկնի  օսմանցի թուրքերուն եղբայրակից ազերիներու կողմէն Արցախեան պատերազմի արդիւնքով բռնագրաւուած սրբավայրերուն պղծումին ու հայ գերիներուն հանդէպ բռնարարքներու կիրառումին հետ: Թուրքը թուրք է ամեն տեղ եւ ամէն ժամանակներուն ընթացքին: Ազատամիտ ժողովուրդներուն համար անկախութիւնն ու ինքնորոշման հարցը մարդկային վսեմ իրաւունքներ են,  որուն ձգտեցաւ Արցախի հայութիւնը եւ պիտի շարունակէ ձգտիլ հակառակ մեր վրայ պարտադրուած պատերազմին մէջ մեր կորսնցուցած մէկ ճակատամարտին: Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ աւելի մեծ ալ արհաւիրքներու դէմ յանդիման գտնուած է, սակայն գոյատեւած:  Մենք ի վերջոյ պիտի յաղթենք, որովհետեւ կարելի չէ արդարութեան մը պարտութիւնը եւ ի վերջոյ հակառակ անցնելիք ժամանակին եւ տրուած կորուստներուն` արդարութիւնն է, որ կը յաղթէ:

Մենք այսօր կ՛ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակը, մինչ տակաւին կը դիմագրաւենք գոյութենական լուրջ մարտահրաւէրներ նոյն հայատեաց թշնամիին կողմէ: Ամենուրէք մեզի կը սպառնայ նոյն արիւնարբու թշնամին ըլլայ այն թուրքը, թէ ազերին, որ ոչ միայն պատրաստ չէ իր արիւնաթաթախ ձեռքերը լուալու ու քաղաքակրթուելու, այլ պատրաստ է աւելի եւս արիւն հեղեղելու յանուն իր ֆաշիստական՝ փանթուրանական ծրագիրներուն:

Կրնան ոմանք հարց տալ, որ՝  ինչո՞ւ չենք մոռնար 106 տարիներ առաջ պատահածը: Ինչո՞ւ պատմութեան այդ էջը չենք դարձներ: Մեր պատասխանը անոնց, հետեւեալն է. Կարելի՞ է յիշողութիւնը կամովին անջատել մարդկային ուղեղէն: Կարելի՞ է մարդկային արժանապատւութեան հասցուած վէրք մը վիրահատութեամբ մը հեռացնել: Կարելի՞ է պապենական հողի կորուստը, մեր նախնիներուն սպանութիւնը, նուաստացումը եւ խորը զգացած տառապանքը մոռացութեան մատնուի: Չէ. մենք չենք կրնար մոռնալ պատահածը եւ անցած ժամանակի երկարութիւնը նշանակութիւն մը չունի, որովհետեւ ճշմարտութիւնը չի մեռնիր, իսկ ազատութեան, հայրենասիրութեան եւ արդարութեան գիները միշտ ալ չափազանց թանկարժէք կ՛ըլլան, որուն համար մենք բնաւ չենք սակարկած ու պիտի չսակարկենք:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img