Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին խոստացած է այցելել Լիբանան:
Նշենք, որ Հարիրին շուրջ 30 վայրկեան տեւողութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին տեսութեանը արժանացած է: :
Հարիրի Իտալիա կատարած իր կարճատեւ այցի ընթացքին պիտի հանդիպի նաեւ Իտալիոյ ղեկավարներու հետ:
Վատիկանի մէջ Հարիրին լիբանանեան հեռուստատեսութեան ըսած է, որ Պապը նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք պիտի այցելէ երկիր: «Ես մեր խնդիրները ներկայացուցի Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին եւ խնդրեցի անոր օգնել Լիբանանին»,-ըսած է վարչապետը:
«Նորին Սրբութիւն Պապը պիտի այցելէ Լիբանան, բայց կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք: Եւ սա ուղերձ է լիբանանցիներուն, որ մենք պէտք է կառավարութիւն շուտով կազմենք»,- ըսած է ան:
Վատիկանի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը «հաստատած է իր նուիրուածութիւնը լիբանանցի ժողովուրդին, որ շատ դժուար եւ անկայուն ժամանակներ կ’ապրի: Ան յայտարարած է, որ ի շահ ազգին բոլոր քաղաքական ուժերը անյապաղ պարտաւորութիւն պէտք է ստանձնեն»: