Շաբաթ 24 Ապրիլ 2021-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը եւ Սիրիանիներու Միութեան Համաշխարհային Կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սիրիանիներու «Սէյֆօ»ի (եղեռնին) զոհերուն:
Երկու կուսակցութիւններուն անունով՝ ՌԱԿ-ի կողմէ ընկ. Սեւակ Յակոբեան եւ Սիրիանիներու կուսակցութեան կողմէ Իպրահիմ Մուրատ ծաղկեպսակներ զետեղեցին «Սէյֆօ»ի նուիրուած յուշարձանին առջեւ Էշրէֆիէ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող-մատուռին առջեւ՝ Անթիլիաս: