Մեծ Եղեռնի 106րդ տարելիցին տխուր առիթով Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Եկաւեան գրադարանին մէջ, Ուրբաթ 23 Ապրիլ 2021ի երեկոյեան կազմակերպեց Հսկումի Պահ մը նուիրուած մեր անմահ նահատակներու յիշատակին:
Բացման խօսքին մէջ Տք. Յարութիւն Նազարեան շեշտեց կարեւորութիւնը նոր սերունդներուն մէջ բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը վառ պահելու եւ պահանջատիրութեան հարցի հետապնդման հարցին:
Ներկայացուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր պատրաստուած Ընկ. Րաֆֆի Քէչէճեանի կողմէ , Մասնակցութեամբ` Տարօն Գասպարեանի,Փաթիլ Քէչէճեանի,Արփի Գրտանեանի,Լիլիթ նազարեանի,Միրէյ Աթոքեանի, Ռոզալի Պարտիզպանեանի,Էլի Նազարեանի,Սագօ Քէչէճեանի,Աննա Մարիա Քէչէճեանի,Սէրա Աթոքեանի և Լեւոն Քէօսէեանի:
Մասնակիցները ասմունքով, երգով եւ նուագով ոգեկոչեցին մեր նախնիներու յիշատակը:
Խունկ ու ծուխ անշիրիմ նահատակներու յիշատակին:
Փառք ապրողաց: