Երեքշաբթի, 22 Ապրիլի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան մէջ Այսօր. Յակոբ Գաբրիէլեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ծնած է Տիգրանակերտ 26 Սեպտեմբեր 1885-ին Քաղդէացի ծնողքէ մը: Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի պետական «Ռիշտի վաթան» դպրոցին մէջ։ Պատանութեան շրջանին դժբախտութիւնը կ՚ունենայ կորսնցնելու իր հայրը, եւ իր կիսատ թողած ուսումը շարունակելու եւ կատարելագործելու մտադրութեամբ եւ դժպհի կացութեան բերումով հարկադրուած՝ Համիտեան ահաւոր հալածանքէն վերջնականապէս կը թողու իր ծննդավայրը առանց վհատելու, տաժանելի ճամբորդութենէ յետոյ կը յաջողի Կալկաթա (Հնդկաստան) մտնել:

1910-ին կ՚աւարտէ տեղւոյն «Այրիշ Քրիշտիէն Պրըտըրս» բարձրագոյն վարժարանի լիակատար դասընթացքը: Մինչեւ համաշխարհային պատերազմի հռչակումը (1914) կը վարէ առեւտրական եւ պետական պաշտօններ Հնդկաստան եւ Պասրա: Ապա տարիներով ինքնաշխատութեան կը նուիրուի, ուսումնասիրելով Անգլիական եւ Օսմանեան կառավարութեանց ընդհանուր օրէնքները:

1915-ին իբրեւ փաստաբան Անգլիական կառավարութենէն վկայականով իրաւունք կը ստանայ իր արուեստը կիրարկելու Պասրայի մէջ։ 1919-ին նոյն իրաւունքը կը շնորհուի նաեւ Իրաքեան կառավարութեան կողմէ:

Յաճախ գնահատուած է Պասրա նահանգի դատարաններու ընդհանուր Նախագահ Գըրնըլ Նօքսի կողմէ: 1923-ին, յետ քննութեան փաստաբանի վկայական կը ստանայ Իրաքի կառավարութենէն՝ բովանդակ երկրին մէջ իր արուեստը կիրարկելու համար: Հմուտ է արաբերէն, անգլիերէն, թուրքերէն լեզուներու. կը խօսի նաեւ հայերէն: Իր անհատական կեանքէն զատ ունեցած է ազգանուէր ծառայութիւններ: Քանիցս ընտրուած է Պասրայի Հայոց Ազգ. Թաղական խորհրդոյ, Հոգաբարձութեան անդամ եւ Ազգային երկսեռ վարժարանի վերատեսուչ: Իբրեւ հայասէր եւ օրէնսգէտ փաստաբան վայելած է յարգանք:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img