Կիրակի, 15 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Ամերիկեան Բարքեր. Անհաւտալի, Բայց Իրաւ . . .

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Նախաբան

Nike թենիսի յատուկ կօշիկներ (tennis shoes) արտադրող աշխարհահռչակ ընկերութիւն մըն է որուն կօշիկները սիրուած եւ փնտռուած են աշխարհով մէկ, որքան որ ալ սուղ ըլլան անոնք։ Այս ընկերութիւնը հիմնուած է 1964-ին, Օրեկոն նահանգի Իւճին քաղաքին մէջ։

Վերջերս սակայն այդ ընկերութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ տարօրինակ երեւոյթի մը որ ցնցեց զայն եւ հարկադրուեցաւ դատական միջոցներով վերջ տալ այդ անիրաւութեան։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ որ ինչ է տեղի ունեցածը։

Satan Shoes

Ուրեմն, 2016-ին Պրուքլինի մէջ հիմնուած ուրիշ ընկերութիւն մը՝ MSCHF անունով, Nike Air Max 97 տեսակի 160 տոլար արժող կօշիկները կարգ մը բարեփոխումներով վերանուանած է Satan shoes (տես նկարը) եւ ծախու դրած 1,018 տոլարի։

Այդ կօշիկներէն արտադրած է միայն 666 զոյգ։ Իսկ ի՞նչ է յատկանիշը այդ կօշիկներուն՝ զորս կոչած է «Սատանա» կօշիկներ։ Անոնց վրայ կարմիրով գրուած է, Luke 10:18. Եթէ Սուրբ Գիրքը բանաք Ղուկասու Աւետարանի 10րդ գլխու, 18րդ համարը՝ հոն պիտի կարդաք հետեւեալը։ Յիսուս ըսաւ անոնց, «Սատանան փայլակի պէս երկինքէն վար ինկած կը տեսնէի։»

Առաւել՝ այդ կօշիկներուն կռունկներուն մէջ զետեղուած է մարդկային արիւն։ Բայց արիւնը ի՞նչ առնչութիւն ունի Սատանայինն հետ, չհասկցայ։ Բարեբախտաբար Nike եւ MSCHF ընկերութիւնները իրարու հետ համաձայնած են որ շուկայէն յետս կոչեն այդ կօշիկները։ Իսկ արդեն անոնք որոնք գնած են այդ կօշիկները, իրենց պիտի վերադարձուի լման գինը, առ ի հատուցում։

Jesus Shoes

Զարմանալիօրէն նոյն այդ ընկերութիւնը՝ MSCHF, Nike Air Max 97 տեսակի կօշիկներէն ուրիշ տարբերակ մը հանած է եւ կոչած զայն Jesus shoes (տես նկարը) եւ ծախու հանած 4,000 տոլարի։ «Յիսուս» կօշիկները՝ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, զարդարուած են խաչով եւ անոնց կռունկներուն մէջ զետեղուած է «սրբացած» ջուր . . . Holy water-ը Յորդանան գետէն բերուած եւ կղերականի մը կողմէ օրհնուած ջուր է։

Առաւել՝ կօշիկներուն վրայ գրուած է MT. 14:25. Դարձեալ եթէ Սուրբ Գիրքը բանաք Մատթէոսի Աւետարանի 14-րդ գլխու 25-րդ համարը, հոն պիտի կարդաք հետեւեալը։ «Գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս դէպի նաւը գնաց, ծովուն վրայէն քալելով։» Ուրեմն միտք բանին այն է թէ այդ կօշիկները հագնողն ալ իբրեւ թէ՝ Յիսուսի նման ջուրի վրայէն կը քալէ . . .

Բայց՝ եթէ ինծի հարցնէք, ի՞նչ պէտքը կայ Աւետարանը մէջբերելու կօշիկներուն վրայ։ Ուրիշ տեղ չմնա՞ց Աւետարանը քարոզելու։

Յաջորդիւ պիտի նկարագրեմ Nike ընկերութեան կողմէ արտադրուած ուրիշ կօշիկներ, որոնք բարեբախտաբար Սուրբ Գրային բնոյթ չունին՝ այլ կը ներկայացնեն պատմական երեւոյթներ, գիտական թէ ֆիլմարուեստի բնագաւառներէն։

Lunar Shoes

Առաջին առթիւ թոյլ տուէք նկարագրել զոյգ մը կօշիկ՝ որ կը ներկայացնէ երեւոյթ մը, գիտական աշխարհէն։ Յունիս 7, 1969-ին, ամերիկացի աստղանաւորդ Նիլ Արմսթրոնկ առաջին մարդը հանդիսացաւ որ ոտք կոխեց լուսնի վրայ եւ մի քանի քայլ առնելով՝ հոն զետեղեց ամերիկեան դրօշակը։

Պատմական այս երեւոյթը յաւերժացնելու համար՝ Nike ընկերութիւնը արտադրած է Lunar shoes (տես նկարը), այսինքն լուսնային կօշիկներ՝ որոնց գինը հասած է մինչեւ 100,000 տոլարի։ Եթէ ուշի ուշով դիտէք նկարը, պիտի տեսնէք թէ այդ կ՛արտացոլացնէ լուսնի ենթադրեալ մակերեսը։

Back to the Future Shoes

Nike ընկերութիւնը ֆիլմարուեստի աշխարհէն ալ ընտրած է 1985-ին արտադրուած հռչակաւոր Back to the Future ֆիլմը եւ զայն յաւերժացնելու համար արտադրած է զոյգ մը կօշիկ՝ (տես նկարը) որ այդ ժամանակ ծախուած է 15,000 տոլարի . . .

Իսկ ի՞նչ է յատկանիշը այս կօշիկին, այդ որ՝ անոնք առանց կապի են։ Սա երեւոյթ մըն է որ պիտի իրականանար «ապագային» միայն։ Անշուշտ հիմա այդ մէկը իրականութիւն դարձաւ։

Վերոյիշեալ հազուագիւտ երեւոյթներ արտացոլացնող կօշիկներու շարքը տակաւին շատ երկար է, սակայն դժուար է բոլորին տեղ յատկացնել, քանի այդ ձանձրացուցիչ պիտի ըլլայ ընթերցողին համար։ Ուստի կը բաւականանանք այսքանով եւ մնացեալը կը թողունք ընթերցողի երեւակայութեան ու վերջ։

Պէտք է չմոռնալ որ որքան ալ Nike ընկերութիւնը կ՛ուզէ անմահացնել պատմական թէ ընկերային բացառիկ երեւոյթներ, bottom line-ը՝ ինչպէս որ ամերիկացիներ կ՛ըսեն, դրամ շահիլն է, չէ՞ք խորհիր!

Վերջաբան   

Եզրակացնելով անհրաժեշտ է ըսել որ կօշիկներու վերոյիշեալ բոլոր գիները թէեւ սուղ են, բայց ժամանակի անցումին հետ անոնց նախնական գիները կը նուազին եւ աւելի մատչելի կը դառնան ժողովուրդին համար։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img